Archive for January 25th, 2010
Խաբուսիկ Տպաւորութիւն
«ԱԶԴԱԿ» Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտընի կատարած յայտարարութիւնը առաջին հայեացքով կը թուի, որ պատասխան է Թուրքիոյ վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ ընդհանրապէս պաշտօնական Անգարայէն հնչած մտահոգութիւններուն, բողոքներուն եւ սպառնալիքներուն։ Միանգամայն պէտք է նախ հաստատել, որ խաբուսիկ է այդ տպաւորութիւնը։ Ճիշդ է, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը դրական քայլ կը նկատէ Հայաստանի հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի […]
ՀՅԴ անընդունելի կը գտնէ Սահմանադրական դատարանի՝ ԱՄՆի գնահատականը
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին՝ յայտնած է. «Մեր կարծիքով, դատարանի վճիռը դրական քայլ է՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը յառաջ տանելու տեսակէտէն»։ Ան նշած է, որ «Դատարանին վճիռը թոյլ կու տայ, որ արձանագրութիւնները վաւերացման համար տանիլ խորհրդարան այն տեսքով, զոր անոնք ունեՑած […]