ՀՅԴ անընդունելի կը գտնէ Սահմանադրական դատարանի՝ ԱՄՆի գնահատականը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն, պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին՝ յայտնած է. «Մեր կարծիքով, դատարանի վճիռը դրական քայլ է՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը յառաջ տանելու տեսակէտէն»։

Ան նշած է, որ «Դատարանին վճիռը թոյլ կու տայ, որ արձանագրութիւնները վաւերացման համար տանիլ խորհրդարան այն տեսքով, զոր անոնք ունեՑած են բանակցութիւններու ստորագրման պահուն։ Որեւէ տպաւորութիւն չկայ, թէ դատարանի վճիռը կը սահմանափակէ կամ որեւէ կերպ կը բնորոշէ արձանագրութիւնները»։

Կորտըն աւելցուցած է, թէ ԱՄՆի «դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ: Մենք կ՛աջակցինք յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին, որ, մեր կարծիքով, կ՛օգնէ Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման»: Ամերիկացի պաշտօնատարը վստահութիւն յայտնած է, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան «լրջօրէն կը մօտենան իրենց պարտաւորութիւններուն»: Ան կոչ ուղղած է «ողջամիտ ժամկէտի մէջ» վաւերացնելու արձանագրութիւնները:

Միւս կողմէ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան, Կորտընի յայտարարութիւնը գնահատած է իբրեւ Հայաստանի նկատմամբ ճնշման փորձ:

«Այն, որ ինք մեկնաբանում է Սահմանադրական դատարանի որոշումը, որ դատարանի վճիռը թոյլ է տալիս արձանագրութիւնները, այն տեսքով ինչպէս դրանք եղել են բանակցութիւնների եւ ստորագրման պահին, տանել խորհրդարան՝ վաւերացման, դա, կարծում եմ, իր կողմից իսկապէս ճնշման փորձ է, որը այս պայմաններում ընդունելի չէ Հայաստանի համար», «Ազատութիւն» ռատիօկայանի թղթակիցին յայտնած է Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ «Արտասահմանեան պետութեան ներկայացուցիչը փորձի ինչ որ բանով մեզ դաս սովորեցնելը՝ դա, կարծում եմ, ընդունելի չէ»:

Կորտընի յայտարարութիւնը Հայաստանի վրայ իբրեւ ճնշման փորձ գնահատած էր նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

«Կորտըն Հայաստանի ձեռքերը մշտապէս ոլորելու, իսկ այս անգամ իր հրապարակային յայտարարութեամբ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը սխալ մեկնաբանելու, աւելի ճիշդ՝ զայն Ամերիկայի արտաքին շահերուն համապատասխան մատուցելու փոխարէն, աւելի լաւ կ՛ընէր եթէ հայ ազգի անվտանգութեան, իրաւունքներուն եւ ապագային առնչուող որոշումները թողէր հայ ժողովուրդին», յայտնած է Համբարեան:

Նշենք, որ Կորտընի յայտարարութիւնը կը հետեւի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսային զրոյցին, որուն ընթացքին արծարծուած էին Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի վճիռին հետ կապուած հարցեր:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»