Archive for November 27th, 2009
Ընթացիկ թուրք-հայկական արձանագրութիւնները
Փրոֆ. ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆ Թրքական վերջին նախաձեռնութեան մէջ ուշադրութեան արժանի երեք տարրեր կան: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման խնդրին առնչուող արձանագրութիւնը կը պայմանաւորէ «յանձնառութիւն հողային ամբողջականութեան» եւ «երկու երկիրներու միջեւ սահմաններու անխախտութեան սկզբունքներու հիման վրայ, ինչպէս որ սահմանուած են միջազգային օրէնքի համապատասխան դաշնագրերով»: Այլ խօսքով պայմանաւորութիւնը հիմնուած է պարբերութեան վերջին մասին վրայ, որուն հիմը սխալ հասկցուած, եթէ ոչ […]