Ըն­թա­ցիկ թուրք-հայ­կա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը

vahakn_dadrianՓրոֆ. ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆ

Թրքա­կան վեր­ջին նա­խա­ձեռ­նու­թեան մէջ ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նի երեք տար­րեր կան:

Դիւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման խնդրին առն­չուող ար­ձա­նագ­րու­թիւնը կը պայ­մա­նա­ւո­րէ «յանձ­նա­ռու­թիւն հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան» եւ «եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ սահ­ման­նե­րու ան­խախ­տու­թեան սկզբունքնե­րու հի­ման վրայ, ինչ­պէս որ սահ­ման­ուած են մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի հա­մա­պա­տաս­խան դաշ­նագ­րե­րով»: Այլ խօս­քով պայ­մա­նա­ւո­րու­թիւնը հիմն­ուած է պար­բե­րու­թեան վեր­ջին մա­սին վրայ, որուն հի­մը սխալ հասկց­ուած, եթէ ոչ սխալ՝ մեկ­նա­բա­նու­թիւն մըն է «մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի հա­մա­պա­տաս­խան դաշ­նա­գիր­նե­րու» սահ­մա­նու­մին:

Իրո­ղու­թիւնը, սա­կայն, այն է որ «մի­ջազ­գա­յին օրէն­քը» լրջօ­րէն խախտ­ուած էր, երբ այս «հա­մա­պա­տաս­խան դաշ­նա­գիր­նե­րը» ստո­րագր­ուե­ցան: Ասոնց մէջ կ՚ընդգրկ­ուին.

ա. Մոսկ­ուա­յի Դաշ­նա­գի­րը՝ ստո­րագր­ուած Մոսկ­ուա­յի մէջ, Մարտ 16, 1921-ին, մէկ կող­մէ RSFSR-ի (Ռու­սա­կան Ըն­կեր­վար Դաշ­նակ­ցա­յին Խորհր­դա­յին Հան­րա­պե­տու­թեան) եւ միւս կող­մէ (Քե­մա­լիստ) Թուրք­իոյ մի­ջեւ:

բ. Կար­սի Դաշ­նա­գի­րը՝ ստո­րագր­ուած շուրջ 7 ամիս­ներ ետ­քը՝ Հոկ­տեմ­բեր 13, 1921-ին մէկ կող­մէ (Քե­մա­լիստ) Թուրք­իոյ եւ միւս կող­մէ երեք խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու՝ Հա­յաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ RSFSR-ի:

Սա­կայն հիմ­նա­կան իրո­ղու­թիւնը այն է որ այս եր­կու դաշ­նա­գիր­նե­րը ստո­րագ­րող Քե­մա­լա­կան Թուրք­ի­ան, այն ատեն, օրի­նա­ւոր, գոր­ծօն կա­ռա­վա­րու­թիւն մը չէր, այլ ըմ­բոստ եւ նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, որ պայ­քա­րի մէջ էր այն ժա­մա­նակ­ուան օրի­նա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան հետ՝ կեդ­րո­նա­ցած Իս­թան­պու­լի մէջ, որ կայս­րու­թեան մայ­րա­քա­ղաքն էր եւ կա­ռա­վար­ուած օրի­նա­ւոր Սուլ­թա­նի մը կող­մէ:

Հա­մա­պատ­շաճ այս իրո­ղու­թեան, շարք մը կա­ռա­վա­րա­կան եւ զի­նուո­րա­կան ատ­եա­նի որո­շում­նե­րով այս օրի­նա­ւոր իշ­խա­նու­թիւնը Մա­յիս 24, 1920-ին մահ­ուան վճիռ ար­ձա­կեց Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լի դէմ (Takvimi Vekayi, no. 3864), եւ 12 օր ետ­քը, Յու­նիս 6, 1920-ին, անոր վեց գոր­ծա­կից­նե­րը՝ նե­րառ­եալ Իս­մէթ (Ինէ­օ­նիւ), նոյն­պէս ի բա­ցա­կա­յու­թեան՝ դատ­ուե­ցան եւ մահ­ուան դա­տա­պարտ­ուե­ցան: Թէ Սուլ­թա­նին կա­ռա­վա­րու­թիւնը ժո­ղովր­դա­կա՞ն էր թէ ոչ, եւ կամ անոր վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը խո­հե՞մ կամ իմաս­տո՞ւն էր այն ժա­մա­նակ, հար­ցեր են, որոնք հոս ան­կապ են: Ինչ որ գե­րա­կայ է եւ ան­վի­ճե­լի՝ այն իրո­ղու­թիւնն է, որ Սուլ­թա­նը այն ատեն մի­ակ օրի­նա­ւոր եւ գե­րա­գոյն իշ­խա­նու­թիւնն էր Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան՝ ի դի­մաց Քե­մա­լիստ կա­ռա­վա­րու­թեան ըմ­բոստ նկա­րագ­րին: Հե­տե­ւա­բար, որե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն, պայ­մա­նագ­րու­թիւն կամ դա­շինք, ստո­րագր­ուած այս­պի­սի կա­ռա­վա­րու­թեան մը կող­մէ, մի­ջազ­գա­յին օրէն­քով ապօ­րի­նի է, եւ ու­րեմն՝ ան­վա­ւեր:

Ուս­տի, «մի­ջազ­գա­յին օրէնք» ի տե­սան­կիւ­նէն դի­տած, Մոսկ­ուա­յի եւ Կար­սի Դաշ­նա­գիր­նե­րը զուրկ են օրի­նա­կա­նու­թե­նէ եւ, ու­րեմն, չեն կրնար գոր­ծած­ուիլ որ­պէս օրի­նա­ւոր լծակ­ներ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար: Աւե­լին, Մոսկ­ուա­յի Դաշ­նա­գի­րը առա­ւել եւս ապօ­րի­նի է մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի որե­ւէ չա­փա­նի­շով, այն պատ­ճա­ռով, որ Խորհր­դա­յին Ռուս­ի­ան (RSFSR) այն ժա­մա­նակ չէր ճանչց­ուած որե­ւէ պե­տու­թեան կող­մէ, եւ ու­րեմն ու­նէր գրե­թէ մի­եւ­նոյն ապօ­րի­նի գո­յա­վի­ճա­կը, ինչ որ ու­նէր յե­ղա­փո­խա­կան, ըմ­բոստ Քե­մա­լիստ վար­չա­կար­գը: (1922-ին էր որ Գեր­ման­իա, որ­պէս առա­ջին պե­տու­թիւնը, իրա­ւա­կան ճա­նա­չում շնոր­հեց Խորհր­դա­յին Ռուս­իոյ՝ Րա­բալ­լո­յի մէջ): Իբր թէ այս օրի­նա­զան­ցու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար չէ­ին, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան՝ Ան­գա­րա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու պնդու­մին վրայ՝ դուրս ձգուած էր Մոսկ­ուա­յի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն, որոնք յան­գե­ցան Մոսկ­ուա­յի դաշ­նագ­րին՝ Մարտ 16, 1921-ին: Այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն թուրք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ան­զի­ջող կեր­պով առար­կած էին ոե­ւէ հայ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի մը մաս­նակ­ցու­թեան: Հե­տե­ւա­բար, այս դաշ­նագ­րի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն հայ­կա­կան մաս­նակ­ցու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւնը ամե­նէն նշա­նա­կա­լից յատ­կա­նիշ­նե­րէն մին է: Այս կա­պակ­ցու­թեամբ պէտք է դի­տել տալ որ երեք թուրք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին, որ կա­րե­ւոր դեր մը խա­ղաց Մոսկ­ուա­յի մէջ Դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­թեան ըն­թաց­քին, գնդա­պետ՝ ապա Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան Զօ­րա­վար՝ Շէւ­քէթ Սէյ­ֆին էր:

Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ամե­նագլ­խա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն մին՝ Սէյ­ֆի, նշա­նա­ւոր դար­ձաւ ներ­քին նա­հանգ­նե­րու Մաս­նա­յա­տուկ Կազ­մա­կեր­պու­թեան պատ­կա­նող ջար­դա­րար ջո­կատ­նե­րու զօ­րա­հա­ւա­քին կազ­մա­կեր­պու­մին եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան մէջ: Ասոնք մեծ մա­սամբ դա­տա­պարտ­եալ ոճ­րա­գործ­ներ էին, որոնք յատ­կա­պէս ընտր­ուած էին եւ ազատ ար­ձակ­ուած կայս­րու­թեան բան­տե­րէն ճիշդ այս նպա­տա­կին հա­մար եւ որոնք կա­րե­ւոր դեր մը խա­ղա­ցին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան մէջ: Կար­սի Դաշ­նագ­րի պա­րա­գա­յին ալ Խորհր­դա­յին Ռուս­իոյ (RSFSR) առաջ­նորդ­ներն էին որ ճնշե­ցին Անդր­կով­կա­սի երեք խորհր­դա­յին հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու վրայ, որ­պէս­զի անոնք հա­մա­կեր­պին թուր­քե­րու, ի հե­ճուկս իրենց թոյլ ընդ­դի­մու­թեան: Այս դաշ­նա­գի­րը իրա­կա­նու­թեան մէջ ընդ­լայ­նումն էր եւ վե­րա­հաս­տա­տու­մը Մոսկ­ուա­յի Դաշ­նագ­րին՝ ար­դիւնք տի­րա­պե­տող Պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ճնշում­նե­րուն: Ցա­ւով պէտք է նշել ան­գամ մը եւս դա­ւա­դիր վար­մուն­քը Պու­տու Մտի­վա­նի կոչ­եալ վրացիի մը, որ այս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին կը ծա­ռա­յէր որ­պէս հա­մայ­նա­վար միջ­նորդ մը զի­նուո­րա­կա­նօ­րէն պարտ­ուած եւ հո­գե­վար­քի մէջ գտնուող հա­յե­րու, որոնք սի­րով ըն­դու­նած էին զինք, եւ ամ­բար­տա­ւան, յաղ­թա­կան թուր­քե­րու մի­ջեւ: Փո­խա­նակ Մոսկ­ուա­յի իր տէ­րե­րու շա­հե­րուն ծա­ռա­յե­լու, ան գաղտ­նօ­րէն փոր­ձեց դա­ւակ­ցիլ թուր­քե­րու հետ, քա­ջա­լե­րե­լով Քէ­ա­զիմ Քա­րա­պէ­քի­րը՝ անոնց զի­նուո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րը, որ չգո­հա­նայ միայն Արաքս գե­տով որ­պէս նոր սահ­ման Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ, այլ յա­ռա­ջա­նայ գե­տէն ան­դին Հա­յաս­տա­նի ներք­նա­մա­սե­րը (Տես Kazim Karabekir, Istiklal Har-bimiz, 1969, Istanbul, Turkiye Publishers, էջ՝ 952):

Ար­ձա­նագ­րու­թեան թիւ 2-ը կը վե­րա­բե­րի «Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցում» նիւ­թին եւ որ­պէս յօդ­ուած թիւ 1 կը սկսի հե­տեւ­եալ հրա­պու­րիչ խոս­տու­մով. «բա­նալ հա­սա­րա­կաց սահ­մա­նը Ար­ձա­նագ­րու­թեան ու­ժի մտնե­լէն ետք, եր­կու ամս­ուան ըն­թաց­քին»: Ապա թիւ 2 եւ թիւ 3 յօդ­ուած­նե­րու տակ կու գան եր­կու ամենէն վճռա­կան հար­ցե­րը, որոնք ար­գելք պի­տի հան­դի­սա­նան հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­մաս­նու­թեան թուր­քե­րու հետ հաշ­տու­թեան մը հաս­նե­լու կա­րե­լիու­թեան: Անոնց ընդ­մէ­ջէն 1915-ի Մեծ Ոճի­րին՝ զղջու­մի անըն­դու­նակ ժա­ռան­գորդ­նե­րը ան­գամ մը եւս կը փոր­ձեն տա­րա­շե­ղել կեդ­րո­նա­կան հար­ցը՝ զայն տա­նե­լով անո­րոշ ուղ­ղու­թեամբ, գոր­ծա­ծե­լով ծպտեալ լե­զու մը եւ դի­մե­լով հրա­պու­րիչ եւ գրա­ւիչ մի­ջոց­նե­րու: Հայ­կա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւնը պէտք է աներկ­բա­յօ­րէն եւ շեշ­տա­կի կեր­պով յայ­տա­րա­րէ թէ ծած­կա­բար կամ այ­լա­բա­նօ­րէն նշուած ՙպատ­մա­կան փաս­տագ­րու­թիւն­նե­րուն՚ մէջ գի­տա­կա­նօ­րէն ու­սում­նա­սի­րե­լիք ոչ մէկ նո­րու­թիւն կայ: Ար­դա­րեւ, ասոնք փաս­տագ­րու­թիւն­ներ են, որոնք յետ­պա­տե­րազմ­եան, եւ յատ­կան­շօ­րէն նա­խա­քե­մա­լա­կան, այ­սինքն, 1914-1921-ի Թուրք­իոյ մէջ, են­թարկ­ուե­ցան Քրէ­ա­կան դա­տաքն­նու­թեան Թրքա­կան Յա­տուկ Պա­տե­րազ­մա­կան Ատ­եա­նի մը կող­մէ: Հիմն­ուե­լով վա­ւե­րա­կան ու պաշ­տօ­նա­կան պա­տե­րազ­մա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու զանգ­ուա­ծա­յին հա­ւա­քա­ծո­յի մը վրայ՝ ատ­եա­նը հաս­տա­տած է որ այս ՙփաս­տագ­րու­թիւն­նե­րը՚ պա­հես­տա­տուն մըն էին հսկա­յա­կան ոճի­րի մը ան­վի­ճե­լի ապա­ցոյց­նե­րուն, ոճիր մը, որ գլխա­ւո­րա­բար կազ­մա­կերպ­ուած էր նպա­տակ ու­նե­նա­լով Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան Հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու զանգ­ուա­ծա­յին բնաջն­ջու­մը: Ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րու ցան­կը եւ յատ­կա­պէս գլխա­ւոր ամ­բաս­տա­նա­գի­րը՝ լե­ցուն յա­տուկ փաս­տա­թուղ­թե­րով, որոնք կը ներ­կա­յաց­նեն ատ­եա­նին գլխա­ւոր ապա­ցոյ­ցը, այն­քան ծան­րակ­շիռ են որ ասոնց հե­տե­ւող վճիռ­նե­րու շար­քը ի յայտ կու­գայ իբ­րեւ ան­հեր­քե­լի ապա­ցոյց մը պա­տե­րազ­մա­կան շրջա­նին իրա­գործ­ուած ամ­բող­ջա­կան բնաջն­ջու­մի նպա­տա­կադ­րու­թեան: Դա­տա­խազ­նե­րը թուր­քեր էին, դա­տա­ւոր­նե­րը թուր­քեր էին, եւ կա­րե­ւո­րը՝ եթէ ոչ ամե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ վկա­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւնը թուր­քեր էին, նե­րառ­եալ բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կան սպա­ներ: Նոյն­պէս, զի­նուո­րա­կան ատ­եա­նի գոր­ծարք­նե­րը հիմն­ուած էին Օս­ման­եան Թուրք­իոյ տե­ղա­կան պատ­ժա­կան օրէնք­նե­րու վրայ:

Մարդ կը տար­ուի մտա­ծե­լու, որ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը որ ար­դա­րու­թեան զգա­ցում ու­նի, ամէն բա­նէ առաջ այս դա­տա­կան գոր­ծարք­նե­րը աչ­քի առ­ջեւ պէտք է ու­նե­նայ ճշմար­տու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան իր փնտռտու­քին մէջ: Բայց, զար­մա­նալի­օ­րէն, ոչ միայն լռու­թիւն կը տի­րէ ասոնց շուրջ, 1922-ի աշ­նան Քե­մա­լիստ­նե­րու կող­մէ իրա­գործ­ուած Իս­թան­պու­լի գրա­ւու­մէն ի վեր, այլ եւ գո­յու­թիւն ու­նի ամ­բող­ջա­կան լռու­թիւն ասոնց դա­տա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ : Հար­ցը «սեր­տե­լու» եւ «առա­ջարկ­ներ բա­նա­ձե­ւե­լու» նպա­տա­կով յանձ­նա­ժո­ղով­ներ կազ­մե­լու առա­ջար­կը մի­տում­նա­ւոր ձգձգու­մի բո­լոր նենգ տար­րե­րը ու­նի: Սա կրնայ ըլ­լալ նա­եւ խաղ մը՝ ար­ուես­տա­կա­նօ­րէն ստեղծ­ուած անո­րո­շու­թեան եւ երկ­բա­յա­կան նման մթնո­լոր­տի մը մէջ ճնշում կի­րար­կե­լու՝ որ վեր­ջա­պէս բա­նակ­ցող միւս կող­մը հար­կադր­ուած զգայ զի­ջու­մի ու­ղին ընտ­րե­լու: Հոս կը տես­նենք «տուր եւ առ»ի աշ­խա­տա­ձե­ւի սկզբուն­քին այն­պի­սի կի­րար­կում մը, որ յա­ճախ կ՚ար­դիւ­նա­ւո­րէ նման «յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու» աշ­խա­տան­քը։ Կ՚են­թադր­ուի ան­շուշտ, որ ատոնց ան­դամ­նե­րը ի վի­ճա­կի են կար­դա­լու եւ հասկ­նա­լու օս­մա­նե­րէն լե­զուով պատ­րաստ­ուած եւ գրի առն­ուած խնդրոյ առար­կայ պաշ­տօ­նա­կան եւ ան­պաշ­տօն վա­ւե­րա­գիր­նե­րը:

Այս ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու թե­րեւս ամե­նէն տա­րօ­րի­նակ, եթէ ոչ այ­լան­դակ, բնոյ­թը այն է որ տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին շա­րու­նա­կա­բար ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճի­րը ժխտող եւ ու­րա­ցող թուր­քեր՝ յան­ցա­պարտ կող­մի դե­րա­կա­տար­նե­րը, ոճի­րին զո­հե­րը մարմ­նա­ցնող հա­յե­րու հետ պի­տի վի­ճին եւ բա­նակ­ցին՝ իբ­րեւ հա­մա­հա­ւա­սար­ներ: Ինչ­պէ՞ս ու­րեմն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ զի­րենք շե­ղեց­նել ժխտու­մի այս անդրդ­ուե­լի կեց­ուած­քէն, երբ խնդրոյ առար­կայ է ո՛չ թէ սո­վո­րա­կան ոճիր մը, այլ պե­տու­թեան կող­մէ ծրագր­ուած եւ նոյն պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կերպ­ուած զանգ­ուա­ծա­յին եւ ամե­հի կո­տո­րած մը՝ ար­մա­տա­կան բնաջն­ջու­մի իր բո­լոր ու­ժա­կա­նու­թեամբ: Պա­տաս­խա­նը շատ պարզ է, այ­սինքն՝ ան­կա­րե­լի, որ­քան ատեն որ թրքա­կան քրէ­ա­կան օրէն­քի թիւ 300 եւ 302, բայց յատ­կա­պէս թիւ 301 յօդ­ուա­ծը ի զօ­րու կը մնան: Ասոնք օրէնք­ներ են, որոնց միտք բա­նին է շա­րու­նա­կել ամ­րագ­րե­լու թրքա­կան ու­րա­ցու­մի ան­հող­դողդ կեց­ուած­քը: (Այս ար­տա­կարգ երե­ւոյ­թի յայտ­նի, բայց յատ­կա­պէս ան­յայտ եւ թա­քուն դրդա­պատ­ճառ­նե­րը տա­կա­ւին կը մնան անմ­շակ: Ո՞վ պի­տի յա­ջո­ղի խոր­տա­կել պար­սա­ւան­քի, ցա­սու­մի, ամ­բաս­տա­նու­թեան եւ դառ­նու­թեան ջլա­տիչ կա­պանք­նե­րը՝ իմաս­տա­լից կեր­պով վեր­լու­ծե­լու հա­մար այդ դրդա­պատ­ճառ­նե­րը):

Թրքա­կան դիւա­նա­գի­տու­թեան դա­րա­ւոր հո­լո­վոյ­թը յան­գած է կու­տակ­ուած փոր­ձա­ռու­թեան հնո­ցի մը: Այս տե­սա­կէ­տէ ան­կա­րե­լի է չփորձ­ուիլ, ըսե­լու հա­մար որ ըն­թա­ցիկ «ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ»ու ձե­ւա­ւո­րու­մը Հա­յաս­տա­նի հա­մե­մա­տա­բար ան­փորձ կա­ռա­վա­րու­թիւնը թա­կար­դի մը մէջ ներգ­րա­ւե­լու ճար­պիկ ռազ­մահ­նարք մըն է: Հոս ոչ միայն նկա­տե­լի է դիւա­նա­գի­տա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան անո­րո­շու­թեան մը մէջ եր­կա­րաձ­գե­լու մի­տում մը: Ապ­տուլ Հա­միտ 19-րդ դա­րուն յոյժ ճար­տա­րօ­րէն կի­րար­կած էր այս խա­ղը եւ­րո­պա­կան մեծ պե­տու­թիւն­նե­րու հան­դէպ, երբ անոնք կը շա­րու­նա­կէ­ին ճնշում բա­նեց­նել իր վրայ հայ­կա­կան բա­րե­նո­րո­գում­նե­րու ան­յա­պաղ կի­րարկ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ (թուր­քե­րէն այս գոր­ծըն­թա­ցը կը կոչ­ուի oyalamak, այ­սինքն՝ դի­մա­ցի­նը խաղց­նել՝ տե­ւա­կան յե­տաձ­գում­նե­րով): Թուր­քե­րու հա­մար ներ­կա­յիս առաջ­նա­կար­գօ­րէն խնդրոյ առար­կայ է Հա­յաս­տա­նի կառ­ավա­րու­թե­նէն կոր­զել եր­կար ժա­մա­նակ փայ­փայ­ուած, բայց թա­քուն պահ­ուած զի­ջում մը, այն է՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրք­իոյ մի­ջեւ գտնուող ներ­կայ սահ­ման­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չու­մը:

Ան­կախ այս բո­լո­րէն, կայ նա­եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան մաս կազ­մե­լու Թուրք­իոյ հե­ռա­կայ, բայց հրա­տապ ջա­նադ­րու­թիւնը: Որ­պէս­զի ար­ժա­նի նկատ­ուի Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան լի­ա­զօր ան­դա­մակ­ցու­թեան, Թուրք­իա հար­կադր­ուած է հաշ­տուո­ղա­կան եւ խա­ղա­ղա­սէր պե­տու­թեան մը քա­ղա­քա­կիրթ դի­մա­գի­ծը ստեղ­ծել եւ մշա­կել: Այս­պի­սի ցու­ցադ­րու­թիւն մը, զու­գորդ­ուած՝ իր ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան եւ կու­տակ­ուած զի­նուո­րա­կան հզօ­րան­քին, կրնայ շատ ար­դիւ­նա­ւէտ ըլ­լալ այս տե­սա­կէ­տով: Սա­կայն եւ այն­պէս կա­ցու­թիւնը աւե­լի առեղծ­ուա­ծա­յին, եթէ ոչ խա­բե­պա­տիր կրնայ ըլ­լալ, եթէ նկա­տի առ­նենք Թուրք­իոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ ներ­կա­յիս գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կլա­նիչ փոխ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Գիտ­նա­լով վեր­ջի­նին դառն յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րը, եթէ ոչ պրկուած կա­տա­ղու­թիւնը, հան­դէպ Հա­յաս­տա­նի եւ նոյն­պէս գիտ­նա­լով, որ Թուրք­իա շօ­շա­փե­լի կա­րի­քը ու­նի այն քա­րիւ­ղին որ կը հո­սի Պաք­ուէն, եթէ չխօ­սինք տա­կա­ւին միջ­ցե­ղա­յին կա­պե­րու մա­սին, մի­թէ կա­րե­լի՞ է հա­ւա­տալ որ թրքա­կան հան­րա­պե­տու­թիւնը լրջօ­րէն եւ պար­կեշ­տօ­րէն պատ­րաստ է հաս­տա­տե­լու նոր կա­պեր Հա­յաս­տա­նի հետ, այդ­պէ­սով լրջօ­րէն վտան­գե­լով յոյժ կեն­սա­կան ազ­գա­յին շա­հեր։

Թէ­եւ ներ­կա­յիս Հա­յաս­տան առա­ւել կամ նուազ չա­փով մե­կու­սա­ցած է, այս գո­յա­վի­ճա­կը թե­րեւս ալ անո­րոշ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցով յա­մե­նայ, եւ Հա­յաս­տան շա­րու­նա­կէ տնտե­սա­կա­նօ­րէն որոշ չա­փով տու­ժել, այ­սու­հան­դերձ, ոչ ոք կրնայ կան­խա­տե­սել հե­տե­ւանք­նե­րը եւ տա­րո­ղու­թիւնը այն աղէ­տին որ կրնայ հա­սուն­նալ առ ի հե­տե­ւանք Հա­յաս­տա­նէն ակն­կալ­ուած կամ պա­հանջ­ուած զի­ջում­նե­րուն: Կը մնայ ապա­ւի­նիլ շրջա­հայ­եա­ցու­թեան սկզբուն­քին, կռուան ու­նե­նա­լով ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ամ­րո­ցը:

Փրոֆ. Տատր­եան տնօ­րէնն է Զօ­րե­ան Հիմ­նար­կի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ու­սում­նա­սի­րու­թեան: Այս գրու­թեան թարգ­մա­նու­թիւնը տրա­մադր­ուած է Զօր­եան հիմ­նար­կի կող­մէ:

ՀՈՐԻԶՈՆ Շաբաթաթերթ