Հիմնաւորում փնտռելով
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ-թրքական արձանագրութիւնները կը վաւերացուին միայն ու միայն մեր պայմաններով, նախապայմաններով եւ օրակարգով: Այսպէս կարելի է բանաձեւել թրքական դիրքորոշման էութիւնը:
Նախքան արձանագրութիւնները վաւերացնելը՝
Հայաստանը թող զիջի Ղարաբաղը.
Հայաստանը թող մոռնայ Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետ կապուած պատմական, քաղաքական բոլոր հարցերը, պահանջներն ու իրաւունքները:
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը ինչո՞ւ կը խառնէք այս գործընթացին: Ինչո՞ւ ընդհանրապէս դուք ձեզ իրաւունք կու տաք մտածելու այլընտրանքներու, վերապահումներու, զգուշացումներու մասին: Եթէ նման իրաւունքներով ձեր շարժումները ղեկավարէք, ապա մոռցէք, որ սահմանը երբեւէ կը բացուի: Տաւութօղլուի խիստ ակադեմական բուրող քաղաքականութիւնը բաւական կոշտ կերպով ասիկա կ՛ուզէ հասկցնել Հայաստանի իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն:
Հայաստանի հետ Թուրքիան երբեք սահմանը պիտի չբանայ: Չբանալու հիմնաւորումներ միշտ ալ կարելի է փնտռել՝ ժամանակի ընթացքին աչքերը սեւեռած պահելով Հայաստանէն տարբեր զիջումներ ապահովելու փորձերուն վրայ, հնարաւոր բացման հեռանկարով շարունակ չարաշահելով բաց ճանապարհներու երազով ապրող հայ ղեկավարութեան տրամադրութիւնները:
Մինչ այդ շրջանային քաղաքական մթնոլորտը կրնայ փոխուիլ ու Հայաստանը ի վերջոյ կրնայ անդրադառնալ, որ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումը համասպեղանին չէ մեր երկրի դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն: Մանաւանդ այս օրերուն, երբ մեր միւս հարեւանի ներկայացուցիչը եկած է մեր մօտ ու կը կնքէ գործնական քայլերու շուրջ համաձայնագիրներ, որոնցմէ առնուազն մէկը՝ Հայաստանը շրջափակումէ ազատագրելու երկաթուղային գիծերու կառուցման կը վերաբերի, որոնց շնորհիւ նոր դուռներ ու նոր սահմաններ կը բացուին Հայաստանի առջեւ:
Թող Թուրքիան շարունակէ հիմնաւորումներ փնտռել արձանագրութիւնները չվաւերացնելու: Այդ փնտռտուքը այլապէս կը նպաստէ Հայաստանի ղեկավարներու աչքերը աւելի բանալու եւ Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներուն աւելի հասու դառնալու գործին: