Ներկայացումը վերջ գտաւ… Արձանագրութիւնները մեռեալ վիճակի մէջ են

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր

Վերջապէս ներկայացումը վերջ գտաւ…։ Միջազգային համայնքը այլեւս չի համոզուիր արձանագրութիւնները չվաւերացնելու Թուրքիոյ անվերջանալի պատրուակներով։ Հայաստանի պաշտօնատարները, որոնք միամտօրէն հաւատացին որ Թուրքիա պիտի բանար Հայաստանի հետ իր սահմանը եւ դիւանագիտական կապեր հաստատէր Հայաստանի հետ, սկսած են հարցականի տակ առնել թուրքերուն անկեղծութիւնը եւ կը խորհին Արձանագրութիւններուն փլուզման հաւանականութեան մասին։

Հիմա կը սկսի մեղադրանքի խաղը…։ Որո՞ւն յանցանքն է, որ Արձանագրութիւնները չեն վաւերացուիր։ Ըստ իս, թուրքերն են որ պարտին մեղադրուիլ՝ սկիզբէն ի վեր միջազգային համայնքը խաբած ըլլալու յանցանքով։ Թուրք ղեկավարներուն մտադրութիւնը չէ՛ր երբեք՝ իրագործել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականացնելու իրենց հրապարակաւ հռչակած ծրագիրները։

«Ֆուտբոլային» դիվանագիտության հետևանքները… 7or.am

«Ֆուտբոլային» դիվանագիտության հետևանքները… 7or.am

Անոնք պարզապէս նիւթած էին դաւ մը՝ խափանելու համար, ինչպէս իրենք կը հաւատային, Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագահ Օպամայի հանդիսաւոր խոստումին կատարումը, ինչպէս նաեւ դիւրացնելու համար Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը, տրուած ըլլալով որ բաց սահմանները գլխաւոր նախադրեալներէն մէկն են Եւրոպական միութեան անդամակցութեան համար։

Առանց մէ՛կ դրական քայլ առնելու, Թուրքիա ստեղծեց Հայաստանի հետ հաշտութեան կեղծ տպաւորութիւնը՝ այդպիսով տարհամոզելով նախագահ Օպաման, որպէսզի «ցեղասպանութիւն» եզրը չգործածէ 24 Ապրիլի իր պատգամին մէջ։ Թուրք ղեկավարները նաեւ յաջողեցան Արձանագրութիւնները շահագործել, իրենց երկիրին համար համաշխարհային նպաստաւոր քարոզչութիւն յառաջացնելու համար։

Երկար եւ դժուար բանակցութիւններու ընթացքին, Թուրքիա պահանջեց, որ Հայաստանի սահմանը բանալու եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու որպէս փոխարինութիւն՝ Հայաստան քաշուի Ղարաբաղէն (Արցախէն), Ցեղասպանութեան իրականութիւնները ուսումնասիրելու համար միջազգային յանձնաժողով մը կազմէ, եւ ճանչնայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։

Ռուսիոյ, Միացեալ նահանգներուն ու Եւրոպայի կողմէ երկու կողմերուն վրայ բանեցուած մեծ ճնշումին իբրեւ արդիւնք, Հայաստանն ու Թուրքիան շարք մը զիջումներ կատարեցին։ Հայաստան դժկամութեամբ համաձայնեցաւ յառաջացնելու այդ անորոշ «պատմական յանձնաժողովը», որ բացայայտօրէն կապուած չէր Ցեղասպանութեան։

Ան նաեւ պարտաւորուեցաւ Արձանագրութիւններուն մէջ ընդունիլ ակնարկութիւն մը նախկին միջազգային դաշինքներու վերաբերմամբ, որոնք կը հաստատէին Թուրքիոյ կատարուած հայկական հողային զիջումները, առանց որոշակիօրէն նշելու Կարսի անձնատուական դաշինքը։ Առաւել, Արձանագրութիւնները կը պարունակէին հաստատում մը, որ կոչ կ՛ուղղէր ուրիշ պետութիւններու ներքին հարցերուն մէջ միջամուխ չըլլալու, ակնարկելով, թէ՝ Հայաստան այլեւս չի կրնար նեցուկ կանգնիլ Արցախի, որովհետեւ ատիկա պիտի բացատրուի իբրեւ միջամտութիւն Ատրպէյճանի ներքին հարցերուն։

Տրուած ըլլալով, որ 10 Հոկտեմբերին ստորագրուած Արձանագրութիւնները չբաւարարեցին Թուրքիոյ բոլոր պահանջները, անոր ղեկավարները սկսան սպառնալ զայն չվաւերացնել եւ չբանալ Հայաստանի հետ սահմանները մինչեւ որ Արցախի տագնապը չլուծուի ի նպաստ Ատրպէյճանի։ Այլ խօսքով, Թուրքիա կը փորձէր լրացնել Արձանագրութիւններուն մէջ մնացած որեւէ պակաս՝ անոնց վաւերացումը իբրեւ պատանդ պահելով Արցախի վերաբերեալ իր դրած նախապայմանին դիմաց։

Արձանագրութիւններուն վաւերացումը աւելի եւս բարդացաւ երբ Ատրպէյճան սկսաւ սպառնալ իր «Մեծ Եղբայր» Թուրքիոյ՝ իր գլխաւոր թշնամիին՝ Հայաստանի հետ իր սահմաններու բացումը նկատի ունենալուն համար։ Ազերիները կ՛ուզէին, որ թրքական շրջափակումը շարունակուի մինչեւ որ Հայաստան ստիպուած ըլլայ ճանչնալու Արցախի վրայ Ատրպէյճանի իրաւասութիւնը։ Թուրքիոյ մատակարարուող բնական կազի գինը աւելցնելու, եւ իր քարիւղին մէկ մասը դէպի Ռուսաստան շեղելու ազերիական սպառնալիքը թուրք ղեկավարները առաւել եւս վերապահ դարձուցին Հայաստանի հետ իրենց համաձայնութիւնը լրման հասցնելու խնդրով։

Ատրպէյճանը գոհացնելու համար Թուրքիա պահանջեց, որ Ռուսիան, Եւրոպա եւ Միացեալ նահանգներ ճնշում բանեցնեն Հայաստանի վրայ, որպէսզի զիջումներ կատարէ Արցախի նկատմամբ։ Սակայն այս թրքական պահանջը խուլ ականջներու բախեցաւ։ Միջազգային համայնքը անդրադարձաւ, որ երկու փշոտ հարցեր՝ Արցախի տագնապը եւ Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւնները, միաժամանակ լուծելու փորձը՝ երկուքէն ո՛չ մէկուն լուծման պիտի առաջնորդէր…։

Անդրադառնալով, որ Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն դուրս գրեթէ ոչ ոք նեցուկ կը կանգնէր Արցախի վերաբերեալ իրենց պահանջներուն, թուրք ղեկավարները իրենց աչքերը յառեցին ուրիշ յարմար քաւութեան նոխազի մը՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին վրայ։ Հակառակ անոր որ 12 Յունուարին դատարանը որոշեց, թէ Արձանագրութիւններուն մէջ նշուած պայմանները կը համապատասխանէին սահմանադրութեան հետ, անիկա սակայն հրապարակեց շարք մը յստակացումներ եւ սահմանափակումներ, որոնք կը զսպէին թրքական կառավարութեան կողմէ Արձանագրութիւններուն թոյլ մեկնաբանութիւնը։

Վարչապետ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու անամօթաբար սպառնացին բոլորովին հրաժարիլ Արձանագրութիւններէն՝ եթէ Հայաստանի սահմանադրական դատարանը «չսրբագրէ» իր որոշումը, ինչ որ անկարելի արարք մըն է հայաստանեան օրէնքին համաձայն…։ Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արագօրէն Հայաստանի կողքին կանգնեցաւ, մերժելով թրքական այն վերագրումը թէ Սահմանադրական դատարանի վճիռը կը հակասէր համաձայնութեան «տառին ու ոգիին»։ Անշուշտ, Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան իսկական մտադրութիւնը կանխարգիլելն էր վաւերացման ժամանակ Արձանագրութիւններուն նկատմամբ հայաստանեան խորհրդարանին կողմէ յաւելեալ վերապահումներու որդեգրումը։

Տրուած ըլլալով որ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահը արդէն իսկ յայտարարած էր, թէ ինք որեւէ քայլ պիտի չառնէր մինչեւ որ նա՛խ թրքական խորհրդարանը վաւերացնէր Արձանագրութիւնները, գնդակը հիմա թրքական դաշտին մէջն է։

Արձանագրութիւնները փոշի կը հաւաքեն Անգարայի մէջ, 21 Հոկտեմբեր 2009ին իրենց խորհրդարան յղուելէն ի վեր։ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները անցեալ Օգոստոսի իրենց միացեալ յայտարարութեան մէջ նշած էին, թէ Արձանագրութիւնները պէտք էր որ վաւերացուէին «տրամաբանական ժամանակահատուածի մը մէջ»։ Հայաստանցի պաշտօնատարներ վերջերս յիշեցուցին Թուրքիոյ՝ այդ թոյլ ժամկէտին մասին, աւելցնելով, թէ Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլար դիմել չճշդուած հակազդեցութիւններու, եթէ Թուրքիա ամենէն ուշը մինչեւ փետրուար կամ մարտ չվաւերացնէ Արձանագրութիւնները։

Այս հանգրուանին, ո՛չ Հայաստան, ոչ ալ Թուրքիա պատրաստ են ետ կենալու իրենց անդրդուելի դիրքէն։ Եթէ Թուրքիոյ ղեկավարները վերցնեն Արցախն ու Սահմանադրական դատարանը՝ իբրեւ նախապայմաններ, անոնք ոչ միայն Ատրպէյճանը իբրեւ դաշնակից կորսնցնելու ռիսքը կ՛առնեն, այլեւ լրջօրէն կը վտանգեն իրենց կուսակցութեան մեծամասնութիւնը յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Նմանապէս, Հայաստանի ղեկավարները ո՛չ կրնան հրաժարիլ Արցախէն, ո՛չ ալ «սրբագրել» Սահմանադրական դատարանի վճիռը։ Հետեւաբար ոչ մէկ արտաքին ճնշում կրնայ ստիպել երկու կառավարութիւնները, որպէսզի ետ կանգնին իրենց կեցուածքէն։ Այդ պատճառով ես կը հաւատամ, որ Արձանագրութիւնները կարելի չէ վերակենդանացնել…։

Քիչ կը մնար որ Թուրքիա խաբէր Հայաստանն ու ամբողջ աշխարհը այս տխրահռչակ Արձանագրութիւններով։ Բարեբախտաբար ձախողեցան, նախ քան մնայուն վնաս հասցնելը Հայաստանի ազգային շահերուն։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»