Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն մասին

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՅՍՏԱԿՕՐԷՆ ԵՒ ԱՄԲՈ՛ՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ԸՍԵՆ` ԹԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱ՛Ն ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Է, ԱՆՈՐ ՇՈՒՐՋ ԿԸ ՄԵՐԺԵ՛ՆՔ ԲԱՆԱԿՑԻԼ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՃԱՆՉՆԱՅ ԻՐ ԳՈՐԾԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստան-Թուրքիա կապերու ծիրէն ներս արձանագրուած վերջին զարգացումները, յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական մակարդակներու վրայ տեղի ունենալիք յառաջիկայ բանակցութիւնները` Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ գոյացած համաձայնագիրերու հիման վրայ, արդար ընդվզումի ալիք մը սկսած են բարձրացնել թէ՛ Հայաստանի ժողովրդային շրջանակներէն ներս, եւ թէ Սփիւռքի մէջ: Այս կացութեան դիմաց անհրաժեշտ է խոհեմ, իրապաշտ ու շրջահայեաց մօտեցում որդեգրել` հեռու մնալով զգացական պոռթկումներէ եւ ժամանակաւոր շահեր ապահովելու վատառողջ մտածելակերպերէ ու գործելակերպերէ: Չենք ուզեր անդրադառնալ վերոնշեալ համաձայնագիրերու երկդիմի, անորոշ ու վտանգալից պարունակութեան: Սակայն, կ՛ուզենք հետեւեալ կէտերուն շուրջ հրաւիրել Հայաստանի իշխանութեան, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ազնիւ ուշադրութիւնը.-

Ա) Հայաստանին միայն առնչուած խնդիրներու քննարկումը եւ այդ գծով առնուելիք որոշումները բնականաբար կը վերաբերի Հայաստանի պետութեան: Սակայն, համահայկական բնոյթ ունեցող հիմնահարցերը անհրաժեշտ է որ համահայկակա՛ն մաշտապով ու մասնակցութեամբ լուրջ քննարկումի ենթարկուին: Նման խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մեր մօտեցումը պէտք է մեկնի համազգային գերագոյն շահերէն ու մեր ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու նախանձախնդրութենէն: Յարափոփոխ պայմաններու յարաբերաբար մարտավարական հաշուարկներէ ու տնտեսա-քաղաքական անմիջական շահերէ անդին, եթէ մեր ազգը յուզող հիմնահարցերուն նկատմամբ Հայաստանի, Ղարաբաղի ու Սփիւռքի ամբողջական մասնակցութեամբ հաւաքական մօտեցումներ չճշդուին, մեր ազգի կեանքէն ներս անվստահելիութեան մթնոլորտ մը կրնայ ստեղծուիլ, ներքին բեւեռացումներ կրնան յառաջանալ ու նոր տագնապներու դիմաց կրնանք գտնուիլ: Այս վտանգալից կացութեան նախանշանները սկսած են երեւելի դառնալ: Հետեւաբար, բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ կ՛ուզենք Մեր այս խոր մտահոգութիւնը փոխանցել Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի մեր պետական, քաղաքական ու համայնքային պատասխանատուներուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

Բ) Այսօր մեր ժողովուրդին դիմաց, որպէս առաջնահերթ մտահոգութիւն ունինք երկու հիմնահարցեր` Ղարաբաղի եւ ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցերը: Հայաստանի ապահովութիւնն ու յիշեալ հարցերու հետապնդումը պէտք է դիտուի մէ՛կ ամբողջութեան ծիրէն ներս, երբեմն մէկը շեշտելով, երբեմն միւսը` շրջանային ու միջազգային քաղաքական պայմաններու հոլովոյթին համաձայն: Սակայն, յիշեալ հարցերու իրարմէ անջատումը, մէկուն շեշտաւորումը ի հեճուկս միւսին կամ մէկուն անտեսումը ի շահ միւսին` վնասաբեր քաղաքականութիւն է համազգային գերագոյն շահերու տեսանկիւնէն դիտած:

Գ) Յաճախակի առիթներով Հայաստանի թէ Սփիւռքի մեր քաղաքական պատասխանատուներուն հետ զրոյցի ընթացքին, Մեր հրապարակային արտայայտութիւններուն ու հրատարակութիւններուն մէջ յատուկ կարեւորութեամբ յիշեցուցած ենք, թէ ցեղասպանութեան հետապնդումի աշխատանքներուն մէջ բացակայ է գործի ներդաշնակումն ու մանաւանդ տեղեկութիւններու փոխանակումը: Այլ խօսքով` Հայաստանի պետութիւնը իր ճամբով կ՛արծարծէ ցեղասպանութեան հարցը, երբեմն իր արտաքին քաղաքականութեան ծիրէն ներս զայն վերածելով առաջնահերթ խնդիրի ու երբեմն լուսանցքային հարցի: Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի մարմինները եւ կուսակցութիւնները առանձնաբար կը հետապնդեն ցեղասպանութեան հարցը` իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ գործելակերպով: Նաեւ եկեղեցին, իր կարգին, անջատաբար միւսներէն յատուկ աշխատանք կը կատարէ այս ուղղութեամբ: Ահա ա՛յս է մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքին պարզած ընդհանուր կացութիւնը, ուր փաստօրէն չկայ դերերու յստակեցում ու բաժանում, ինչպէս նաեւ հանգրուանային մօտեցումով թիրախներ նուաճելու ծրագրում: Եւ բնականաբար, այս կացութիւնը ո՛չ միայն կը դանդաղեցնէ Հայ Դատի հետապնդման լայնածաւալ աշխատանքները, այլ նաեւ կը յառաջացնէ խաչաձեւում, կրկնութիւն եւ երբեմն` նոյնիսկ հակասութիւն: Արդ, անհրաժեշտ է շրջել այս իրավիճակը:

Դ) Ցեղասպանութեան հարցը չափազանցօրէն զգայուն հարց մըն է մեր ժողովուրդին համար: Չմոռնանք որ Սփիւռքը պարտադրեալ գոյավիճակ մըն է. անոր գոյաւորումը ցեղասպանութեան արդիւնք է: Սակայն ցեղասպանութիւնը ամբո՛ղջ հայութեան եւ իւրաքանչի՛ւր հայուն հարցն է: Եւ աւելի՛ն, քաղաքական սովորական օրակարգ մը չէ ցեղասպանութիւնը. ան անքակտելիօրէն ընդելուզուած է հայուն ապրումներուն ու տագնապներուն, կազմաւորման ու գոյապայքարին: Ցեղասպանութիւնը սոսկ նահատակներու յիշատակումի վերածելը բացարձակօրէն անընդունելի է: Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը մեր ազգային պահանջատիրութեան առանցքներէն մէկն է: Հետեւաբար, ծայրայեղ աստիճանի զգուշաւորութեամբ ու զգայնութեամբ հարկ է մօտենալ այս հարցին: Բնականաբար, Հայաստանը որպէս պետութիւն տարբեր մօտեցում պէտք է ունենայ ցեղասպանութեան ճանաչման ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման գործընթացին` բոլոր պարագաներուն առանց ցեղասպանութիւնը բանակցութեան նիւթի վերածելու: Սակայն, Սփիւռքի ու Հայաստանի տարբեր մօտեցումները ու շեշտաւորումները պէտք է զիրար ամբողջացնեն ու զօրացնեն` երբեմն Հայաստանը օգտագործելով Սփիւռքի խիստ ու անզիջող կեցուածքը, եւ երբեմն Սփիւռքը ձգելով որ Հայաստանը դիւանագիտական կերպերով հետապնդէ մեր ազգային պահանջատիրութիւնը միջ-պետական յարաբերութեանց շրջագիծէն ներս:

Ե) Սակայն, զգո՜յշ, պէտք չէ Թուրքիոյ առիթ տալ միջազգային համայնքին ըսելու թէ` Սփիւռքը խանգարիչ դեր կը կատարէ (արդէն իսկ Թուրքիան զանազան ձեւերով կը փորձէ լռեցնել Սփիւռքի պահանջատիրական ձայնը), բայց կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել Հայաստանի հետ: Պէտք չէ ցեղասպանին առիթ տալ զանազան միջոցներով մոռացութեան քօղին տակ պահելու մէկուկէս միլիոն հայերու ջարդը: Արդարեւ, այսօր Թուրքիոյ համար ոսկի առիթ է նման քայլի դիմելու` երբ ան կը վայելէ ամբողջական աջակցութիւնը Արեւմուտքին, երբ ան Միջին Արեւելքի գլխաւոր դերակատարներէն մէկը դարձած է, երբ ան «բարի վարուց» վկայագիրներ կը փնտռէ Եւրոպա մուտք գործելու, երբ ան շրջանի որոշ երկիրներու միջեւ միջնորդի դեր սկսած է կատարել, երբ Արեւմուտքը Թուրքիոյ սկսած է վստահիլ շրջանէն ներս ապահովութիւն ու խաղաղութիւն հաստատելու յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը:

Զ) Այս կացութեան դիմաց հարկ է ըլլալ արթուն ու հեռատես եւ չտարուիլ կարգ մը պետութիւններու ցուցաբերած շահադիտական զօրակցութենէն: Ճի՛շդ է, քաղաքականութեան մէջ հարկ է նաեւ ըլլալ իրապաշտ. սակայն, դարձեալ ու մի՛շտ զգո՜յշ, իրապաշտութիւնը կրնայ ստեղծել ազգային իմաստով աղիտալի ու անդարմանելի կացութիւններ: Հայաստանը չի կրնար աշխարհին ներկայանալ որպէս իր դրացիին նկատմամբ յաւիտենական թշնամութիւն սերմանող եւ ժողովուրդներու միջեւ բարի դրացնութեան ու փոխադարձ հասկացողութեան հակառակող ժողովուրդ ու պետութիւն: Միւս կողմէն, ցեղասպանութեան ու Ղարաբաղի գծով Թուրքիոյ յարձակողապաշտ դիւանագիտութեան դիմաց Հայաստանի լռութիւնը կրնայ, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, տեսակ-տեսակ մեկնաբանութիւներու դուռ բանալ: Արդարեւ, ջարդ ու աքսոր տեսած հայութիւնը երբե՛ք, երբե՛ք պիտի չուզէ տեսնել Հայաստանի իշխանութիւնը` աշխարհաքաղաքական տուեալներէ մեկնելով եւ քաղաքական ու տնտեսական շահերու սիրոյն ցեղասպանութեան ու համազգային ոեւէ՛ հիմնահարցի շուրջ զիջումներ կատարելու ընթացքին մէջ: Նման տպաւորութի՛ւնն իսկ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս խոր վէրք մը կրնայ յառաջացնել:

Է) Արդարեւ, միջազգային համայնքին զօրակցութեամբ Թուրքիոյ կողմէ ականուած դաշտ մը մուտք կը գործէ Հայաստան: Ամէն բանէ առաջ հարկ է հեռու մնալ Հայաստանը տկարացնող փորձերէ: Հայաստանը բանակցութիւններուն պէտք է ներկայանայ զօրեղ, ինքնավստահ ու պահանջատէր: Արդ, առաջին, Մեր կարծիքով, սկսելիք բանակցութիւնները ի յառաջագունէ մերժելը հեռատես քաղաքականութիւն մը չէ: Նման մօտեցում հեշտ կերպով պիտի չդիտուի միջազգային համայնքին կողմէ (թող Թուրքիա՛ն դիմէ նման քայլի): Երկու երկիրներու միջեւ առանց պայմանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները ճշդելու միտող բանակցութիւններուն հարկ է մասնակցիլ` միշտ յիշեցնելով Թուրքիոյ եւ միջազգային համայնքին թէ հայ ժողովուրդը կը մնայ պահանջատէր իր արդար դատին: Երկրորդ, որպէսզի կարելի ըլլայ վանել մեր ժողովուրդի զաւակներուն մտքին մէջ արմատացած մտավախութիւնը, անհրաժեշտ է որ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին վստահեցնէ թէ բոլոր պարագաներուն ցեղասպանութիւնը բանակցութեան նիւթ չի կրնար ըլլալ եւ թէ հայութիւնը կը մնայ պահանջատէր իր իրաւունքներուն: Նաեւ անհրաժեշտ է որ ներքին խորհրդակցութիւններու ճամբով յիշեալ գործընթացքին մասնակից դառնան թէ՛ Հայաստանի, թէ Ղարաբաղի եւ թէ Սփիւռքի պատասխանատու կառոյցները: Եւ երրորդ, երբ բանակցութիւնները հասնին այն կէտին, ուր ցեղասպանութեան հարցը կը սկսի արծարծուիլ կամ հարկ է արծարծել, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՅՍՏԱԿՕՐԷՆ ԵՒ ԱՄԲՈ՛ՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ ԸՍԵՆ` ԹԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄԱԿԱ՛Ն ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ Է, ԱՆՈՐ ՇՈՒՐՋ ԿԸ ՄԵՐԺԵ՛ՆՔ ԲԱՆԱԿՑԻԼ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՃԱՆՉՆԱՅ ԻՐ ԳՈՐԾԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: Ա՛յս կը սպասեն թրքական եաթաղանին զոհ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները: Ա՛յս կը սպասէ իր նահատակներու սրբազան կտակին հաւատարիմ հայ ժողովուրդը: Արդարեւ, նահատակներու սրբազան կտակը եւ ժողովուրդին կամքը վեր են ամէն տեսակ ժամանակաւոր ու միակողմանի շահերէ: Պէտք չէ թոյլ տալ որ Թուրքիան այս բանակցութիւններու ճամբով անպատժելիութեան վկայագիր ստացած ըլլալու ինքնավստահութեամբ ներկայանայ միջազգային համայնքին: Ու թող աշխարհը իմանայ, եւ գիտէ՛, թէ արդարութեա՛ն ճամբով միայն կարելի է հաստատել բարի դրացնութիւն եւ փոխադարձ վստահութիւն ժողովուրդներու ու պետութիւններու միջեւ:

Ուզեցինք մեր ազգը տագնապեցնող վերոյիշեալ հիմնահարցին գծով Մեր տեսակէտը յստակօրէն պարզել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, այն խոր հաւատքով ու վստահութեամբ, որ բոլոր պայմաններուն մէջ մեր ազգը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, միշտ պիտի մնայ միակամ ու պահանջատէր` համախմբուած իր հայրենիքին եւ գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ:

Հայրապետական օրհնութեամբ,

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
21 Սեպտեմբեր 2009
Անթիլիաս