Էրտողան կը խուսափի Ցեղասպանութեան մասին հարցումներու պատասխանելէ

Erdogan-Obama

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ու Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Օպամա յայտնած է. «Վարչապետը շնորհաւորեցի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ քաջարի քայլերուն համար եւ քաջալերեցի, որ այս ուղիով ընթացքը շարունակէ»։

Սակայն, ինչպէս հաղորդած էինք, Էրտողան դարձեալ Օպամային յիշեցուցած է, որ այդ յարաբերութիւններուն կը խոչընդոտէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին արգելքը ու անկէ խնդրած, որ միջամտէ Մինսկի խմբակի մօտ, որպէսզի արագացուի Արցախի տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանքը:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ, որոնց շարքին «Մքքլէնչի» եւ «Քէնզաս Սիթի Սթար» թերթերը, կը հաղորդեն, որ նախագահ Օպամայի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Էրտողան քանի մը առիթներով խուսափած է պատասխանելու այն հարցումին, թէ Օպամայի հետ քննուա՞ծ է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչուող հարցեր։

Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Ճան Հոփքինզ համալսարանին մէջ ելոյթ ունենալով յայտնած է, որ իր նախնիները ցեղասպանութիւն չեն գործած։ Էրտողանին հարցուցած են, թէ ինչպէս կը վերաբերի այն փաստին, որ Օպամա Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր կեցուածքը չէ փոխած: Ան պատասխանած է. «Մենք հայկական կողմին նամակ գրած ենք, առաջարկելով պատմական յանձնախումբ ստեղծել։ Իմ նախնիներս ցեղասպանութիւն չեն գործած։ Տեղահանման հետ կապուած կան բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնք ես անձամբ տեսած եմ։ Անոնք ցոյց կու տան, որ այն ժամանակուայ իշխանութիւնները տեղահանութիւնը կազմակերպած են անվտանգութեան նկատառումներով։ Կարելի չէ հասկնալ, թէ ցեղասպանութեան պնդումները ինչ փաստերու վրայ կը հիմնուին»։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Թուրքիոյ մէջ քրէական օրէսնգիրքի 301րդ յօդուածի գոյութիւնը չի խանգարե՞ր պատմական յանձնախումբի ստեղծման, Էրտողան պատասխանած է. «Իմ կարծիքով, այս հարցը տուողը չի գիտեր, թէ ինչ է 301րդ յօդուածը։ Տուեալ յօդուածով մեղադրուող անձին մինչեւ դատարան մտցնելը՝ պէտք է ստանալ արդարադարտութեան նախարարութեան համապատասխան որոշումը։ Մինչեւ հիմա այդպիսի 8 որոշում կայացած է»։

Թուրքիոյ վարչապետը աւելցուցած է. «Մենք Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար իրական ջանքեր կը գործադրենք։ Թուրքիոյ մէջ 170 հազար հայ կ՛ապրի, եւ անոնց մէկ մասը Թուրքիոյ քաղաքացի չէ։ Մենք անոնց ետ չենք ուղարկեր, որովհետեւ Հայաստանի մէջ կեանքի պայմանները լաւ չեն։ Անոնց մէջ կան նաեւ իմ կուսակցութեանս անդամներ», նշած է Էրտողան։

Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Ուաշինկթընի «Ինթըրքոնթինէնթըլ» պանդոկին մէջ իր հրաւիրած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարած է. «Հայաստանն ու Թուրքիան պէտք է ամէն բան ընեն երկու երկիրներու միջեւ դրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու ջանքերը իրականութեան վերածելու ուղղութեամբ եւ ես յոյսով եմ, որ հաշտութեան այս գործընթացը կը շարունակուի»։

Ըստ Էրտողանի, Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ քննուած են ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման բանակցութիւնները եւ խօսուած է Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման գործընթացին լիցք հաղորդելու համար Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դերերուն կարեւորութեան մասին։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք նախապայմաններ չներկայացնելու պայմանաւորուածութեան խախտում չէ իր յայտարարութիւնը այն մասին, թէ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ուղիղ կապ ունի ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման հետ», Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրենց կարելին ըրած են եւ այժմ հերթը խորհրդարանին է, որոշել ստորագրուած արձանագրութիւնները վաւերացնել, թէ ոչ։

«Թուրքիոյ իշխանութիւնները չե՞ն կրնար միջամտել խորհրդարանի աշխատանքներուն մէջ ու պարտադրել իրենց դիրքորոշումը» հարցումին, Էրտողան պատասխանած է, որ մինչեւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն մէջ այս հարցի քննարկումը, Թուրքիան կ՛ուզէ դրական զարգացումներ տեսնել Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման գործընթացին մէջ: Ըստ «Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին, Էրտողան չէ պատասխանած այն հարցումին, թէ արդեօք հակասութիւն չի տեսներ ատրպեճանական եւ թրքական մամուլին տուած հարցազրոյցներու եւ միջազգային մամլոյ ծառայութիւններու ներկայացուցած հարցումներու իր պատասխաններուն միջեւ։

Թրքական մամուլը գոհունակութեամբ կ՛ընդգծէ, որ Օպամա յաճախ գովասանքներ տեղացուցած է Էրտողանի ու Թուրքիոյ հասցէին եւ ըսած, որ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը ամբողջ աշխարհի վրայ կը զօրանայ, ու ինք կը փափաքի, որ երկար տարիներ աշխատի Էրտողանին հետ, որուն «իմ ընկերս» կոչած է։ Իրենց «օրինակելի գործընկերութիւնը» զարգացնելու նպատակով երկու երկիրներու ղեկավարները նախընտրութիւն տուած են նաեւ տնտեսական նոր համաձայնութիւններու, որպէսզի փակուի առեւտրական բացը, որ առկայ է երկուքին միջեւ։

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ տեսակցութիւնը նախատեսուած էր կէս ժամ, բայց աւելի քան մէկ ժամ տեւած էր ու կ՛աւելցնէ. «Անշուշտ կարելի չէ գիտնալ թէ ինչեր խօսուեցան այս հանդիպման ընթացքին, բայց տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ այսպիսի հանդիպումներու ընթացքին կարելի չէ սպասել շօշափելի նորութիւններու կամ արմատական նոր որոշումներու։ Անոնցմէ մէկն է անտարակոյս Թուրքիա-Հայաստան մերձեցումը։ Յայտնի է, որ հոս ալ որեւէ նոր քայլ չէ առնուած, եւ չէր կրնար առնուիլ, քանի որ վարչապետ Էրտողան միշտ կը յիշեցնէ ղարաբաղեան արգելքը ու կը կրկնէ, որ փրոթոքոլները չեն վաւերացուիր որքան ատեն, որ հայերը չեն պարպեր Ղարաբաղի եօթը շրջանները»։

Յատկանշական է նաեւ, որ մինչ ամերիկեան եւ արեւմտեան լրատումիջոցները շեշտը դրին այն իրողութեան, որ Օպամա չկրցաւ Աֆղանիստանի կամ Իրաքի հարցով Թուրքիայէն յաւելեալ օժանդակութեան խոստում ապահովել, թրքական լրատումիջոցները եւ մանաւանդ իշխանամէտ մամուլը այս հանդիպումը ներկայացուց չափազանց դրական պարունակի մէջ:

«Ռատիքալ» օրաթերթը «Գերաստիճանի ընթացքին ամբողջական համախոհութիւն» խորագիրը կրող իր լրատուութեան մէջ կը հաղորդէ, որ Էրտողանի եւ Օպամայի հանդիպումէն համախոհութեան, բարեկամութեան եւ գործակցութեան պատգամներ բխած են, իսկ «Թիւրքիյէ» օրաթերթը իր «Սպիտակ տան հետ ամբողջական համախոհութիւն» խորագրով լրատուութեան մէջ կը հաղորդէ, որ երկու ղեկավարները քննած են համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատելու կարելիութիւնները։

Նաեւ, «Զաման» գրած է, թէ «Միացեալ Նահանգներու հետ տիպար գործընկերութիւն մը պիտի հաստատուի», իսկ «Ենի Շաֆաք» կը հաղորդէ, որ Օպամա Թուրքիան «համաշխարհային խաղաղութեան համար տիպար երկիր մը» կոչած է։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»