«Նալբանդեան-Տաւութօղլու հանդիպում ծրագրուած չէ»
Պէյրութ (Ազդակ) — Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Պուրաք Էօզիւկերկին յայտնած է, որ առայժմ ծրագրուած չէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպում Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ, ուր 1-2 դեկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի շրջագիծին մէջ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էօզիւկերկին ըսած է, որ այս պահուն յստակ է միայն Մինսքի խմբակի համանախագահներու եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի` «3+2» ձեւաչափով հանդիպման կազմակերպումը:
«Այս պահուն, սակայն, մենք հայկական կողմին հետ հանդիպելու պայմանաւորուածութիւն չունինք: «Ոչ» չեմ ըսեր, ուղղակի ծրագրուած չէ», ընդգծած է Էօզիւկերկին: