Արժանթինեան մէկ հրատարակութիւն արդէն Ցեղասպանութիւնը «քննարկելի» կը համարէ
Փրոթոքոլներուն կանխատեսելի հետեւանքներէն
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը բողոքեց հրատարակութեան դէմ
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («Արմենիա» թերթ).- Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Հոկտեմբեր 10, 2009ին ստորագրուած համաձայնագրէն ի վեր Երեւանի իշխանութիւնները կը փորձեն հայութեան համոզել, որ փրոթոքոլները սպառնալիք չեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան, այդ ճշմարտութիւնը հարցականի տակ չեն դներ: Թրքական կողմին մեկնաբանութիւնը տարբեր է. Անգարա արդէն քարոզչութեան սկսած է «յանձնաժողովներ»ու կազմութիւնը վաւերական համարելով: Այս երկու հակասական կեցուածքները, բնականաբար, երրորդ կողմերու մօտ շփոթ կը ստեղծեն, եւ այդ շփոթը, թէկուզ եւ ոչ-գիտակցաբար, Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը հարցականի տակ կը դնեն, ինչ որ թրքական ժխտումի քաղաքականութեան նպատակն է արդէն:
Արժանթինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը օրէնքով ճանչցուած է, հանրային կարծիքին մօտ այդ մասին կասկած չկայ: Կը մնայ որ փրոթոքոլներու այս կանխատեսելի շփոթը արդէն իրողութիւն դառնալու սկսած է:
Երկրի ամենէն տարածուն օրաթերթը, «Գլարին», որ ընդհանրապէս հայանպաստ կեցուածք ունի եւ ոչ մէկ պարագայի Ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ դրած է, նախաձեռնած է Ատլասի մը հրատարակութեան: Թերթի ուրբաթօրեայ համարին հետ լոյս տեսնող Ատլասին տարբեր հատորները կը վաճառուին կրպակներու մէջ: Ուրբաթ 13 Նոյեմբերին, կրպակներուն մէջ վաճառուելու սկսաւ Ատլասի 13րդ հատորը նուիրուած Ասիական ցամաքամասին: Էջ 48-49ին վրայ տեղ գտած է Հայաստանի նուիրուած յօդուածը, որ կ՛աւարտի հետեւեալ պարբերութեամբ. «Հոկտեմբեր 2009ին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները համաձայնեցան բնականոնացնել իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները եւ նախաձեռնել ցեղասպանութեան հարցի ուսումնասիրութեան»:
Պարբերութեան ետին շատ հաւանաբար պէտք չէ տեսնել ոչ մէկ գիտակից ժխտում, այլ պարզ եւ մէկին` փրոթոքոլներու կանխատեսելի հետեւանքը` շփոթ առաջացնել Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան մասին:
Պուէնոս Այրէսի Հ.Բ.Ը.Միութեան նախաձեռնութեամբ Նոյեմբեր 17ին կազմակերպուած փրոթոքոլներու հրապարակային քննարկման ժամանակ նշեալ պարբերութիւնը ներկաներու ուշադրութեան յանձնուեցաւ եւ, բնականաբար, առաջացուց մեծ ընդվզում: Միջոցառման ներկայ էր Արժանթինի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչը:
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը բողոքի նամակով դիմած է «Գլարին»ին: