ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ` ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

logo_sdhp-sՀայկական Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին Հայաստանի իշխանութիւնները մատուցեցին հերթական անակնկալը:Ապրիլ 22-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները համատեղ յայտարարութեամբ մը եկան տեղեկացնելու թէ, երկու երկիրները համաձայնութեան հանգած են իրենց միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համապարփակ շրջանակի շուրջ եւ ընդունած են «ճանապարհային քարտէզ»:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը խիստ մտահոգիչ ու դատապարտելի կը գտնէ սոյն յայտարարութիւնը, ուր կը բացակային յստակ կէտեր` գոյացած համաձայնութեան շուրջ:

Մեզի համար հասկանալի ըլլալով հանդերձ Հայաստանի իշխանութիւններու ձգտումը` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման հարցով, մենք ունինք խոր կասկածներ խնդիրի լուծման ժամանակի, ձեւաչափի եւ կերպի ընտրութեան վերաբերեալ: Թուրքիան տակաւին չէ վերացուցած Հայաստանի միակողմանի շրջափակումը, չէ ընդունած Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ու առ այսօր չէ դադրեցուցած հակա-արցախեան թշնամական գործողութիւնները:

Պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու շուրջ կատարուած յայտարարութեամբ սկսած հայկական դիւանագիտութիւնը, անցնող ամիսներուն կրեց բազմաթիւ պարտութիւններ ու ամէն քայլափոխի մատնուեցաւ ձախողութեան` թրքական ու ատրպէյճանական փոխհամաձայնեցուած քայլերուն դիմաց:

Անգամ մը եւս կու գանք կրկնելու թէ, Ժողովուրդի վստահութիւնը չվայելող իշխանութիւնը ի վիճակի չէ պաշտպանելու ազգի գերագոյն շահերը ու ենթակայ է տեղի տալու արտաքին ճնշումներու առջեւ: Բազմաթիւ երկիրներու ու կառոյցներու կողմէ Հայաստանի վրայ բանեցուող ճնշումներու կողքին, վերջին շրջանին արդէն իսկ զգալի է թրքական ազդեցութեան զօրացումը տարածաշրջանէն ներս, բան մը որ մեզի համար կը նկատուի ամէնէն վտանգաւորը:

Մեր խորին համոզմամբ, գործընթացի նմանօրինակ շարունակութիւնը կրնայ առաջին հերթին հիասթափութիւն յառաջացնել սփիւռքահայութեան մօտ: Հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն կրնար քնարկուիլ ազգային ընդհանուր քաղաքականութեան շրջանակներէն դուրս ու հետեւաբար թշնամիի հետ բանակցութիւնները պէտք է կատարուին բաց ու թափանցիկ, առիթ տալով համազգային քննարկումներու, ինչպէս Հայաստանի, նոյնպէս ալ սփիւռքի տարածքին:

Այս առթիւ, կոչ կ՛ընենք Հայաստանի ու սփիւռքի մեր ժողովուրդին, որպէսզի իրենց ձայնը լսելի դարձնեն ու առանց վարանելու դատապարտեն այսօրուայ իշխանութիւններու նմանօրինակ ազգավնաս քայլերը:

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ապրիլ 23, 2009