Ըստ Տաւութօղլուի՝ Թուրքիա տեղի պիտի չտայ արտաքին ճնշումներուն

Davutoglu4ՊՈԼԻՍ «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Լոնտոնի մէջ անգամ մը եւս անդրադարձաւ «փրոթոքոլ»ներու գործընթացին մէջ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումով ստեղծուած Թուրքիոյ նոր վերապահութեան, եւ յստակ կերպով ըսաւ, որ Թուրքիոյ վարանումները պիտի չփարատին, նոյնիսկ եթէ ուրիշ երկիրներ, ակնարկելով յատկապէս Միացեալ Նահանգներու, չափազանցեալ նկատեն այդ վարանումները։ Տաւութօղլու այս յայտարարութեամբ կը հաստատէր, թէ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը անել վիճակի մատնուած է:

Ինչպէս յայտնի է, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Լոնտոնի մէջ Տաւութօղլուի հետ խօսելու ընթացքին յայտնած էր, որ ինք չէր բաժներ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները, թէ՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին որոշումին մէջ խոչընդոտներ կան, սակայն Թուրքիա չէ ընդունած Ամերիկայի այս տեսակէտը եւ կը պնդէ, թէ նման քննադատութիւններու պատճառով իր քաղաքականութիւնը պիտի չփոխէ։

Ըստ Տաւութօղլուի, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը արդար չէ, եւ մտահոգիչ կը նկատէ այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստէ օրէնք մը, որուն լոյսին տակ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի պահանջել հարկին, պիտի կարենայ ետ քաշել «փրոթոքոլ»ներուն տակ Հայաստանի ստորագրութիւնը։ Ան այս մասին խօսելով է որ ըսաւ. «Եթէ կը հաւատանք, որ մեր ըրածը ճիշդ է, անկէ վերջ դուրսէն եկած որեւէ քննադատութեան կարեւորութիւն չենք տար»։ Մոռնալով, որ Թուրքիա եւս իր պայմաններն ու ակնկալութիւնները ունի, ան ըսաւ, որ «փրոթոքոլ»ներուն առջեւ նախապայմաններ պէտք չէ դրուին:

Երբ հարցուեցաւ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացը եթէ ձախողի, Թուրքիան պատասխանատու պիտի չնկատուի՞, Տաւութօղլու պատասխանեց, թէ ինք նախ չի սիրեր «եթէ»ով սկսած հարցումները, ապա յիշեցուց, որ Թուրքիա «ջերմօրէն կը փափաքի, որ գործընթացը շարունակուի», բայց կտրուկ ոճով ըսաւ, թէ ուրիշներուն քննադատութիւններուն դիմաց չէ՛, որ Թուրքիա իր ընթացքը պիտի փոխէ, եթէ ան համոզուած է, որ ճիշդ ճամբու վրայ է։

Տաւութօղլու Ուրբաթ գիշեր բանախօսութիւն մը տուաւ Լոնտոնի Միջազգային ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին մէջ եւ հոն նշաւակ դարձաւ հասարակական կազմակերպութեան մը անդամ հայուհիի մը մէկ հարցումին։ Հայուհին հարցուց. «Հայաստանի հետ ստորագրուած «փրոթոքոլ»ներուն վաւերացումէն հրաժարեցա՞ք, թէ արդէն սկիզբէն անկեղծ չէիք»։ Տաւութօղլու այս հարցումին պատասխանեց՝ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումին առնչակից իր մտածումները կրկնելով, ապա ըսաւ. «Դուք ալ դառն պատմութիւններ ունիք, մենք ալ դառն պատմութիւններ ունինք։ Այս երկուքը տարբեր ուղղութիւններով կ՛ընթանան։ Հիմա մե՞նք ալ երթանք դէպի տարբեր ուղղութիւններ, թէ ոչ իրարու հետ բաժնենք մեր ցաւերը»։

«ԱՍՊԱՐԷԶ»