Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի՝ պատմաբաններու յանձնախումբը թակարդ մըն Է

ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի (ԿԿ) Հանրային յարաբերութեանց գրասենեակէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, որ կը յայտնէ. «ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը լոսանճելըսահայ մտաւորականների ու լրատուամիջոցների ներկայացուցիչների առջեւ ունեցած ելոյթում յայտարարեց, որ պատմաբանների յաձնաժողովում Հայոց Ցեղասպանութիւնը քննարկելու Թուրքիայի ներկայացրած առաջարկ-նախապայմանը այն անելք թակարդն է, որը միտում է ամիսներով եւ նոյնիսկ տարիներով՝ ձգձել մեր պահանջատիրական օրակարգի հարցերը եւ ջլատել ու քայքայել պահանջատիրութեանը լծուած մեր ուժերը»։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի ԿԿի կեդրոնատեղիի ժողովասրահին մէջ անցեալ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան տեղի ունեցած սոյն միջոցառման բացումը կատարած է ԿԿի անդամ Ժան Գոսաքեանը, որ նշած է, թէ նկատի ունենալով, որ Դաշնակցութեան քաղաքական հիմնական ուղիներու մշակումը կը պատկանի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին, բայց անմիջական ռազմավարութեան մշակումը կը ձեռնարկուի Բիւրոյի կողմէ, որուն անդամն է դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, ուստի, ԿԿը իր Հանրային կապի յանձնախումբին միջոցաւ կազմակերպեց սոյն միջոցառումը, որպէսզի աւելի յստակօրէն ներկայացուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեցուածքն ու մօտեցումները Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ հաստատուելու կապակցութեամբ։

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան իր զեկուցական ելոյթին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն, մասնաւորաբար շեշտը դնելով քաղաքական այն գործընթացներուն վրայ, որոնք արտաքին ճնշումներու գծով կ’իրագործուին Հայաստանի իշխանութիւններուն հանդէպ, որպէսզի Հայաստան ընդունի պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծումը եւ ճանչնայ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, որ կը նշանակէ, թէ Հայաստան փաստօրէն կը հրաժարի տարածքային պահանջատիրութեան իր արդար իրաւունքէն։

«Դաշնակցութեան համար անընդունելի են այս զոյգ պայմանները, ինչպէս նաեւ անընդունելի է Ղարաբաղեան բանակցութիւնները որեւէ ձեւով հայ-թրքական յարաբերութիւններու գործընթացին առնչելը։ Իսկ մասնաւորաբար անընդունելի է որեւէ նախապայման, առաջադրանք, որ կը միտի ինչ-որ կերպով, նոյնիսկ մէկ քայլով, մեզ հեռու պահել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգէն», նշած է դոկտ. Յովսէփեան եւ կոչ ուղղած՝ թիկունք կանգնելու Դաշնակցութեան սոյն կեցուածքներուն, որպէսզի այդ հարցերուն գծով տարուած պայքարին մէջ Դաշնակցութիւնը առանձին չմնայ։

«Մենք համոզուած ենք, որ եթէ ճիշդ դրուին ու բանաձեւուին հարցերը, ոչ միայն Սփիւռքի, այլ ընդհանրապէս հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը բաժնէ մեր կեցուածքը։ Այսինքն՝ ԱՅՈ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, բայց ՈՉ՝ ի հաշիւ ազգային օրակարգերու», ընդգծեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Յովսէփեանը եւ հրաւիրեց հայ մտաւորականները ու լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչները, որ յօդուածներով, հրապարակային ելոյթներով, պաշտօնական ու հանրային հանդիպումներով հասարակական կարծիք ստեղծեն Հայ Դատի ու մեր համազգային օրակարգերու պարզաբանման ու զօրակցութեան օգտին։ Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, որոնք հարցեր ուղղելով եւ կարծիք յայտնելով՝ մասնակցեցան քննարկումներուն:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»