ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ` ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

logo_sdhp-sՕգոստոս 31-ին հրապարակուեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկու արձանագրութիւններ` յարաբերութիւններու զարգացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման շուրջ: Այդ փաստաթուղթերու լուրջ ուսումնասիրութիւնը կու գայ ցոյց տալու, որ սկսած է Հայաստանին միակողմանի զիջումներ եւ ամբողջական անձնատուութիւն պարտադրելու անթաքոյց գործընթացը:

Այսպէս`

Ա.-Հաւասարութեան, ինքնիշխանութեան եւ այլ պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելու, տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները յարգելու իրենց երկկողմ ու բազմակողմ պարտաւորութիւններու վերաբերեալ կէտով, Հայաստան փաստօրէն կ՛ընդունի Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու պարտաւորութիւնը:

Բ.- Խօսելով երկու ժողովուրդներու միջեւ փոխվստահութեան վերականգնման եւ երկխօսութեան նպատակով պատմական արխիւներու ուսումնասիրութեան միջոցով գոյութիւն ունեցող խնդիրներու յստակեցման մասին, Հայաստան կը համաձայնի Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը փակել, բաւարարուելով յանձնաժողովային քննարկումներով:

Գ.-Վերահաստատելով երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհանուր սահմանի փոխադարձ ճանաչումը, Հայաստան կը համաձայնի ճանչնալ հայութեան պարտադրուած Կարսի պայմանագիրը:

Ցարդ կը խօսուէր առանց նախապայմաններու, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատման մասին, սակայն այս արձանագրութեանց ամբողջ բովանդակութիւնը մեզ կը յուշէ, որ սահմանի բացման դիմաց շատ սուղ գին պիտի վճարէ ողջ հայ ժողովուրդը: Եթէ սահմանի բացման եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման գինը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ առնելը եւ միջպետական պատմաբաններու յանձնախումբի ստեղծման միջոցով Մեծ եղեռնի ուրացումը, ապա զայն պէտք է դիտարկել որպէս մեծ դաւաճանութիւն մեր անմեղ զոհերու յիշատակին ու համայն հայութեան նկատմամբ:

Ընդունելով ու վաւերացնելով հայ-թրքական ճանապարհային քարտէսը, Մեր ժողովուրդին կը պարտադրուի ոչ միայն հրաժարիլ մեր տարածքային պահանջատիրութենէն, այլ նաեւ` կը բացառէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետագայ մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին եւ Արցախի ճակատագրի կանխորոշումը` առանց անգամ արցախահայութեան կամքը նկատի առնելու:

Մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ Հայ-Թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը չի կրնար իրականացուիլ առանց Սփիւռքի մասնակցութեան, քանզի այսօրուայ Սփիւռքի գոյութիւնը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած է Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեամբ: Առանց հաշուի առնելու հայ ժողովրդի հաւաքական կարծիքը, Հայաստանի իշխանութիւնները մեզ կը դնեն անհեռանկար ու վտանգաւոր կացութեան մը մէջ:

Հետեւաբար, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան համար մերժելի են ներկայացուած փաստաթուղթերը ու մենք պատրաստ ենք գործակցելու մեր ազգի բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն հետ, տապալելու համար այս համաձայնագրերու վերջնական վաւերացումը:

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹՅՈՒՆ
Սեպտեմբեր 1, 2009