Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Հայաստանին առնչուող հարցեր չքննարկեց
19 փետրուարին Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին որեւէ անդրադարձ չէ եղած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: Թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներ նախապէս հաղորդած էին, թէ քննարկման օրակարգին վրայ են նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները:
Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նիստի առանցքային նիւթերը եղած են կիպրական հարցը, Իրաքին առնչուող հարցերը, որոնց շարքին` 7 մարտ 2010-ին Իրաքի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Յունաստանի հետ առկայ խնդիրները:
Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերջին անգամ անդրադարձած էր 20 հոկտեմբեր 2009-ին: