Յետ-փրոթոքոլային հանգրուանի նախանշաններ
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ֆութպոլային դիւանագիտութեան նախաձեռնութեան ընթացք տալէն ի վեր Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցեղասպանութեան հարցով երբեք այնքան պահանջատէր չէր եղած որքան Փետրուար 14-ին Լոնտոնի Չէթհամ Հաուսի մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին: Ճիշդ է, ան հաւատարիմ մնաց Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատելու» պետական քաղաքականութեան ուղեգիծին: Աւելի՛ն, ան վերահաստատեց այդ ուղեգիծը երբ բացայայտօրէն յայտարարեց, որ Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատել առանց այն պայմանաւորելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչմամբ: Նախագահին խօսքին միւս բաժինն է կարեւորը, այն բաժինը ուր ոչ միայն բացայայտ կը դառնայ Ցեղասպանութիւնը պետական քաղաքականութեան օրակարգին պահելու նպատակը, այլ նախանշաններ կու տայ անոր հետապնդումը վերածելու դիւանագիտական յանձնառութեան:
Խօսքը կը վերաբերի Նախագահի ելոյթի այն բաժնին, ուր ան բառացիօրէն կ՚ըսէ. «Հայերս, որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ, բարոյական պարտք ունենք մարդկութեան եւ պատմութեան առջեւ ցեղասպանութիւնների կանխարգելման հարցում: Մենք արել եւ անելու ենք ամէն ինչ՝ աջակցելու համար Ցեղասպանութեան կոնվենցիայի շարունակական ոգեկոչմանն ու հետեւողական իրագործմանը: Ցեղասպանութիւնը չի կարող յուզել միայն մէկ ժողովրդի, քանի որ այն յանցագործութիւն է ողջ մարդկութեան դէմ:»
Այս պէտք է եղած ըլլար այն ենթահողը, որուն վրայ անկախութեան առաջին օրէն իսկ պիտի կառուցուէր Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութիւնը որպէս՝ ընդհանրապէս Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններու ռազմավարութիւն եւ մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը պետական քաղաքականութեան մակարդակով հետապնդելու համար: Այդ ենթահողին վրայ ալ կարելի էր Վարդան Օսկանեանի բանաձեւած կոմպլեմենտարութեան սկզբունքին տալ նոր իմաստ ընդ որում Հայաստանը ինքզինք չէր տեղադրեր միայն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին այլ Սփիւռքեան գործօնի ակտիւացումով կրնար բառին ամբողջական իմաստով գլոբալ ներկայութիւն մը ըլլալ: Սփիւռք-Հայաստան ռազմավարական համագործակցութեան այդ ենթահողին վրայ ալ կարելի պիտի ըլլար կանխաւ որոշել ո՛ւր համաձայնիլ եւ ո՛ւր համաձայնիլ չհամաձայնիլ, ո՛ր հարցով հասկացողութիւն ցուցաբերել պետական քաղաքականութեան ճկունութեան եւ ո՛ր ատեն անհրաժեշտ է աւելի արմատական կեցուածք:
Նման Սփիւռք-Հայաստան համակարգ, որ նաեւ ուղի կը հարթէր արտերկրի հայութեան ամբողջական ինտեգրման հայրենի իրականութեան հետ եւ կ՚օգնէր ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Սփիւռքի հարցերու լուծման, չստեղծուեցաւ երբեք: Նոյնիսկ Քոչարեանի տասնամեակին, երբ այդ ուղղութեամբ քաղաքական կամք դրսեւորուեցաւ Երեւանի նոր իշխանութիւններու կողմէ առ ի սրբագրութիւն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի սխալներուն, Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան մնայուն կառոյց չստեղծուեցաւ: Արտգործնախարար Վարդան Օսկանեանի նախաձեռնութեամբ համագործակցութեան պարագաները եղան աւելի շուտ պարբերական, ոչ-մնայուն: Սփիւռքը, անշուշտ, ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը ի դէմս հայրենիքի հանդէպ աւելի պասիւ քան ակտիւ կեցուածքի, ի դէմս հայրենասիրութեան մը որ թէեւ անկեղծ է սակայն յաճախ պատշաճեցուած քաղքենի հանգստաւէտութեան: Բայց նման համակարգի ստեղծման նախաձեռնութիւնը անկասկած պէտք է գար Հայաստանէն, պետական մակարդակով: Իսկ այդ մէկը տեղի չունեցաւ, ոչ որովհետեւ քաղաքական կամք կը բացակայէր, այլ որովհետեւ անցումային շրջանին ստեղծուած հասարակարգը, որ կը յատկանշուի տնտեսական եւ քաղաքական ուժի խիստ կեդրոնացումով եւ սոցիալական սուր բեւեռումով, խիստ վերապահ է որոշումներու կայացման հոլովոյթին իշխանական շատ սեղմ շրջանակը լայնցնելու կոչուած ամէն նախաձեռնութեան նկատմամբ:
Նախագահ Սարգսեանի ելոյթը, փաստօրէն, շատ յստակ պատգամ մըն էր Թուրքիոյ՝ վաւերացուցէք համաձայնագիրը եւ Հայաստան պատրաստ է բնագիրը եղածին պէս վաւերացնելու, այսինքն՝ փոխանակուելիք փաստաթուղթերուն մէջ չ՚՚ընդգրկելու Սահմանադրական Դատարանի որոշման մէջ տեղ գտած վերապահումներէն եւ ոչ մէկը: Ծանօթ է, որ Նախագահը Լոնտոնի մէջ յանձնառութիւն առաւ համաձայնագիրը Ազգային Ժողով ուղարկելու, ուր եւ արդէն կը գտնուի այն առ ի քննարկում: Սպասելի է, որ քննարկումները ըլլան բուռն, սպասելի է որ ժողովրդային զօրաշարժ իրականանայ, սակայն ի վերջոյ ամէն ինչ կախում պիտի ունենայ թրքական կողմի դիրքորոշումէն: Եթէ Կիւլ եւ Էրտողան կարենան համոզել թուրք պատգամաւորներուն որ փաստաթուղթը վաւերացուի, ապա եւ Հայաստանի իրենց Հանրապետական գործընկերները իրենց շէֆէն արդէն հրահանգ ստացած են փաստաթուղթը եղածին պէս վաւերացնելու: Եւ քանի որ մեծամասնութիւն են Ազգային Ժողովի մէջ քուէարկութեան արդիւնքը ի սկզբանէ յայտնի ի՛նչ ալ որ ըսեն կոալիցիայի իրենց գործընկերները թէ ընդդիմութիւնը:
Նախագահ Սարգսեանն ու փրոթոքոլներուն ետին կանգնող վերնախաւը, կասկած պէտք չէ ունենալ, կ’ուզեն համաձայնագրի վաւերացման ու գործնականացման անցնիլ: Հիմնականին մէջ որովհետեւ համոզուած են սահմանի վերաբացման դրական անդրադարձին երկրի տնտեսութեան վրայ: Այս համոզումը, անշուշտ, ոչ միայն առնուազն հարցական է այլ նաեւ իր էութեամբ գաղափարախօսական բնոյթի եւ ձեռնտու երկրի դրամատէր վերնախաւին: Այդ հարցը առանձին բանավէճի նիւթ է, եւ ցաւալի է, որ ցարդ միայն մակերեսային քննարկման արժանացած է կառավարութեան կողմէ, ի մասնաւորի երբ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը բացայայտած է, որ տնտեսական դաշտին մէջ Հայաստան հիմնականօրէն կը կորսնցնէ եթէ օրէնսդրական դաշտին մէջ առանց փոփոխութեան սահմանը այս իրավիճակին մէջ բացուի: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, օրինակի համար, կը հաւատայ որ նախ սահմանը պէտք է բանալ, ապա միայն երկկողմանի օրէնսդրական դաշտ ստեղծել:
Նախագահ Սարգսեանի լոնտոնեան ելոյթը արդե՞օք յանձնառութիւն է նոյնիսկ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման պարագային Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան տէր կանգնիլ քաղաքական այն ուղղուածութեամբ որ Նախագահին խօսքին մէջ ընդգրկուած է: Սկզբունքով պէտք չէ բացառել նման հեռանկար, թէ-կուզ եւ այդ մէկը արտացոլէ գիտակից միամտութիւն Սփիւռքի կողմէ: Պէտք չէ բացառել եւ սկսիլ քննարկել հեռանկար մը, ուր Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը միջազգային կերպով այնքան ընդունուած իրողութիւն ըլլայ, որ Անգարայի համար պարզապէս անխուսափելի ըլլայ անոր ընդունման բանաձեւումին մասին մտածել եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ քննարկումի դնել արդարահատոյցի վերաբերեալ նիւթական թէ բարոյական հարցեր:
Բայց նման հեռանկար, դժբախտաբար, քիչ հաւանական է: Առաջին, որովհետեւ երբ սահմանը բացուի իշխանութիւններուն մէջ տիրապետող ազատ շուկայական գաղափարախօսութիւնը այնքան զօրաւոր է, որ փաստօրէն երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի ըլլայ առաջնահերթութիւն: Աւելի ուշ, երբ ստեղծուին տնտեսական շահեր ուր, նկատի ունենալով երկու երկիրներու տնտեսական ուժային յարաբերութեան հսկայական անհաւասարութիւնը, Հայաստան յայտնուի կախուածութեան իրավիճակին մէջ, նոյն այդ շահերը պիտի թելադրեն որ Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի չգայ: Երկրորդ, եւ աւելի կարեւոր, այս իշխանութիւնները վստահութիւն չեն ներշնչեր որ նման յանձնառութիւն երբեւիցէ լուրջի կ՚առնեն: Այդ վստահութեան խախտումը արմատացաւ այսպէս կոչուած ֆութպոլա-յին դիւանագիտութեան ամէն հանգրուաններուն, երբ Հայաստանի ֆութպոլի ազգա-յին հաւաքականի շապիկին վրայէն Արարատի խորհրդանիշի վերացումէն մինչեւ «ճանապարհային քարտէս»ի ստորագրութիւնը Ապրիլ 24ի ճիշդ նախօրեակին, առանց տակաւին խօսելու Սարգսեանի սփիւռքեան շրջապտոյտի շօուին մասին, եկան յուշելու որ հիմնականը այս իշխանութիւններուն համար յարաբերութիւններու բնականոնացումն է ի՛նչ ալ որ ըլլայ անոր վճարելիք գինը ներազգային ոլորտին մէջ:
Բայց նաեւ պէտք չէ բացառել որ Նախագահին ելոյթը Լոնտոնի մէջ փրոթոքոլներէն դուրս գալու ռազմավարութիւն մը ըլլայ – էկզիթ սթրաթըճի -, այն համոզումով որ, ինչպէս ան ըսաւ իր խօսքին մէջ, Անգարա նպատակ չունի համաձայնութիւնը վաւերացնելու եւ ինչ որ կ՚ընեն Կիւլ եւ Էրտողան պարզապէս հարցը ձգձգել է: Այս անշուշտ կ՚ենթադրէ, որ ժամկէտի մը մասին Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է սկսին կոնկրետ կերպով արտայայտուիլ: Այլապէս, ժամկէտի ձգձգման պարագային, Նախագահի դիւանագիտական այս նախաձեռնութիւնն ալ իր ուժն ու իմաստը կը կորսնցնէ:
Փրոթոքոլներու ձախողման պարագային, ինչպէս Արա Պապեանը նշած է վերջերս, անոնց վնասուց թարմանման – տէմէյճ քոնթրոլ – հանգրուանը պիտի սկսի: Զուգահեռաբար պատասխանատուութեանց մասին ընդհանուր քննարկման, Նախագահին առաջարկած ուղղուածութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան եւ Սփիւռք-հայրենիք նոր համակարգումի մը առաջացման նախաձեռնութիւնները թերեւս լաւագոյն դարմանը կրնայ ըլլալ փրոթոքոլներու հասցուցած ներազգային վնասին: