Հայոց ցեղասպանութեան «բանաձեւը կրնայ վնաս պատճառել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն», ըսած է Տաւութօղլու

Davutoglu5Անվտանգութեան խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Գերմանիա մեկնած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Միւնիխէն Անգարա վերադարձին օդակայանին մէջ պատասխանած է թուրք լրագրողներու հարցումներուն:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու խօսած է Անգարան մտահոգող երեք հիմնական զարգացումներու մասին, զորս, անոր համոզումով, Երեւանը նախապէս ծրագրած է եւ հերթականօրէն կը գործադրէ: Տաւութօղլու Միւնիխի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ճէյմս Շթայնպըրկի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին այս վերջինիս ներկայացուցած է այդ երեք մտահոգութիւնները`

1) «Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը մեր ստորագրած արձանագրութիւններուն վաւերացումը անկարելի դարձնող որոշում մը տուաւ»:

2) «Սոչիի մէջ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին ընթացքին հայկական կողմը փոխզիջումնային դիրքորոշումէն նահանջ կատարեց»:

3) «Հիմա ալ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին կը ներկայացուի ցեղասպանութեան բանաձեւը»:

«Իրարու ետեւէ տեղի ունեցող այդ երեք զարգացումներուն ժամանակացոյցը մեզ կը համոզէ, որ անոնք դիտումնաւոր կ՛ըլլան: Ինչո՞ւ այդ բանաձեւը հիմա օրակարգ կը բերուի: Ինչո՞ւ Սահմանադրական դատարանը նոյեմբերին չտուաւ իր որոշումը», հարցուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Տաւութօղլու նաեւ նշած է, որ արձանագրութիւններու ստորագրման ժամանակ Թուրքիոյ վրայ ոչ մէկ ճնշում բանեցուած է ժամանակացոյցի առումով եւ պէտք չէ կարծել, որ ապրիլ 24-ի ճնշումներով կարելի է ժամանակ սահմանել Թուրքիոյ համար: Ըստ անոր, քոնկրեսի օրակարգ բերուելիք ցեղասպանութեան բանաձեւը չի բխիր Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ շահերէն:

«Ատիկա կրնայ վնաս պատճառել հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացը խափանելու պատճառ դառնալ: Մենք Ուաշինկթընէն այդ հարցին նկատմամբ ըմբռնում կ՛ակնկալենք», ըսած է Տաւութօղլու:

«ԱԶԴԱԿ»