Ժողովրդային լսարան. Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ՀՅԴ ռազմավարութիւնը

Սուրիոյ Հայ Երիտասարդական Միութեան Ուսումնասիրական Յանձնախումբը կազմակերպեց ժողովրդային լսարան մը, Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս: Լսարանը որպէս ատենախօս պիտի ունկընդրէր հայրենիքէն ժամանած, Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի պատասխանատու եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց հմուտ իրազեկ ընկ. Կիրօ Մանոյեանը:

Ստորեւ, պատշաճ համադրումով կը ներկայացնենք լսարանը:

1991-ին, երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը անկախացաւ եւ Թուրքիա ճանչցաւ խորհրադային միութիւնը կազմող հանրապետութիւններու անկախութիւնը, փաստօրէն կը մտածէր Հայաստանի նկատմամբ ճիշդ այնպէս ինչպէս երբ յարաբերութիւնները ընդհատուած էին երկու պետութիւններուն միջեւ 1920-21-ին Հայաստանի խորհրդայնացումով: 1920-21-ին Թուրքիա կ՛ուզէր, որ Հայաստանը ըլլայ հնարաւորինս փոքր, խեղճ, իրմէ կախեալ թոյլ պետութիւն մը, Կարսի դաշնագրի բաւական փոքր սահմաններով:

Թուրքիա Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար պայմաններ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան: Այդ պայմաններն էին.- ա) Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սփիւռքի վրայ ճնշում բանեցնէ, որ Սփիւռքը հրաժարի Ցեղասպանութեան նկատմամբ միջազգային ճանաչում հետապնդելէ: բ) Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտարարէ, որ Թուրքիայէն հողային պահանջքներ չունի եւ ճանչնայ Կարսի պայմանագիրը: գ) Արցախի հարցը լուծուի Ատրպէյճանի ուզած ձեւով, այսինքն` ի վնաս հայուն:

Այսօր Թուրքիա կը շարունակէ յիշեալ երեք նախապայմանները քիչ մը տարբեր բանաձեւումներով ներկայացնել Հայաստանի` դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, նաեւ 1993-ին Քելբաջարի ազատագրումէն ի վեր փակուած սահմանները բանալու համար: Մինչեւ 1993 Կարս-Կիւմրի երկաթուղագիծը կ՛աշխատէր, սակայն չկար տնտեսական աշխուժ առեւտուր:

Անցնող 17 տարիներու ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան երեք նախագահներէն ոչ մէկը համաձայնած է բաւարարել Թուրքիոյ նախապայմանները: Նոյնիսկ Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը չէ ստորագրած նման համաձայնագիր մը, աւելին` իր օրով էր որ Թուրքիոյ կողմէ շըրջափակում հաստատուեցաւ Հայաստանի դէմ: Կային որոշ բանակցութիւններ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, պայմանագրի նախագիծը պատրաստ էր, պարզ չէր բովանդակութիւնը, սակայն փաստ է, որ այդ պայմանագիրը չէ ստորագրուած 1997-ին «Գորշ Գայլեր» կուսակցութեան ղեկավարի` Թիւրքաշի մահով եւ 1998-ին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, որպէս նախագահ հրաժարումով:

Հայաստանի երկրորդ նախագահը Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքականութեան մէջ որոշ փոփոխութիւն մտցուց: Ան կը յայտարարէր, ինչպէս առաջինը` աննախապայման դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկսիլ, միաժամանակ աւելցնելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը յետ այսու մաս կազմէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան: Հայաստանի պատկերացումը այն էր, երկկողմանի աննախապայման յարաբերութիւններ հաստատելը, որովհետեւ նախապայմաններու հարցով Հայաստանը աւելի իրաւասու էր թէ՛ բարոյական, եւ թէ քաղաքական իրաւական նախապայմաններ ճշդելու, քան Թուրքիան: Բայց որովհետեւ մեր պետութիւնը այդ վիճակին մէջ չէր գտնուեր, բաւարարուած էր երկկողմանի աննախապայման յարաբերութիւններով:

1998-էն վերջ բաւական թիւով պետութիւններ ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այդ ճանաչման մէջ պետութեան ունեցած դերակատարութիւնը անուրանալի է, սկսած նախագահէն մինչեւ վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար, տարբեր առիթներով, ՄԱԿ-ի բարձրագոյն ամպիոնէն կը յայտարարէին, թէ Հայաստանը կ՛ակնկալէ որ աշխարհը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ տարբեր երկիրներու մէջ այս ուղղութեամբ, երբ հարց ուղղուէր, Հայաստանի Դեսպանին պատասխանը եղած է միշտ դրական, 1998-էն վերջ: Հայաստանը կարողացաւ նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Յանձնախումբին անդամ դառնալ, որուն մէկ ենթայանձնախումբին մաս կազմելու համար 70-ական թուականներուն պէտք էր տարբեր գլխարկներ դնէինք, կը ներկայանայինք որպէս Եկեղեցական Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայացուցիչ, իսկ հոն ալ որպէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, բայց ոչ ուղղակի Հայաստանի կամ հայութեան ներկայացուցիչ: Այս ընթացքին կային դիւանագիտական հանդիպումներ, մինչեւ նախարար Օսկանեանի պաշտօնավարութեան վերջին մէկ ու կէս տարիներուն ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը, թէ անիմաստ է հանդիպիլը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, որովհետեւ հանդիպումները ոչ մէկ արդիւնք կը բերէին, պարզապէս կը ծառայէին Թուրքիոյ քարոզչութեան:

Մինչ այդ, 2005-ի Ապրիլին, 90-ամեակին նախօրեակին, գիտնալով որ մեծ արձագանգ պիտի ունենայ Ապրիլ 24-ը, երբ Հայաստանի մէջ Պետութիւնը նախաձեռնած էր միջազգային գիտաժողով, Սփիւռքը կազմակերպուած էր տարբեր միջոցառումներով եւ այդ արձագանգը խափանելու նպատակով, Վարչապետ Էրտողան նամակ մը կ՛ուղարկէ նախագահ Քոչարեանին: Նամակին մէջ յիշուած էր, թէ մենք ունինք հարցեր, պատմական իրադարձութիւններու նկատմամբ տարակարծութիւններ եւ այդ տարակարծութիւնները լուծելու համար լաւ կ՛ըլլայ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա միասնաբար կազմեն պատմաբաններու յանձնաժողով, որ քննէ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ երրորդ պետութիւններու արխիւները: Քանի մը օր անց, նախագահ Քոչարեան իր կարգին կը պատասխանէ ըսելով, որ մենք իսկապէս ունինք խնդիրներ եւ այդ խնդիրները այնքան խոր են, որ արդար չէ այդ բեռը դնել պատմաբաններու ուսին եւ կ՛առաջարկէ ունենալ դիւանագիտական յարաբերութիւններ, կազմել միջկառավարական յանձնաժողով, որ քննէ բոլոր խնդիրները:

Ապրիլ 2005-էն մինչեւ նախագահ Քոչարեանի պաշտօնավարութեան ժամկէտի աւարտը, Թուրքիա իր բարձրաստիճան ղեկավարներով, նոյն Էրտողանով եւ Կիւլով իսկապէս կը ստէին` աշխարհին ըսելով, որ Հայաստանը մեր նամակին չէ պատասխանած եւ յաջողած էին յատկապէս արեւմտեան շրջանակներուն մէջ ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ, թէ Թուրքիա խելքի մօտ բան առաջարկած է Հայաստանին եւ Հայաստան անպատասխան թողած է այդ առաջարկը: Անշուշտ Հայաստան պարբերաբար կը յիշեցնէր, թէ ինք ունեցած է իր առաջարկները, բայց իսկական զօրաւոր քարոզչութեամբ Թուրքիա կարողացած էր արեւմուտքի մէջ բաւական տեսակէտներ ի նպաստ իրեն ապահովել: Եւս տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու միջեւ հանդիպումներ, այդ հանդիպումներուն երկու կողմերն ալ իրենց առաջարկները ներկայացուցած են, եւ իրականութեան մէջ ոչ մէկ տեղաշարժ, երբ Օսկանեան յայտարարեց այդ հանդիպումներուն ընդունայնութիւնը:

2007-ին երբ Ապտալլահ Կիւլ Թուրքիոյ նախագահ ընտրուեցաւ, Հայաստանի նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորեցին Կիւլը, ըսելով, որ այս ընտրութիւնները երկու պետութիւններու յարաբերութեանց այլ հնարաւորութիւն կու տան: Այդ նամակները մնացին անպատասխան, մինչեւ Հայաստանի վերջին նախագահական ընտրութիւնները, 2008-ի Փետրուարը, երբ Սերժ Սարգիսեան ընտրուեցաւ, Կիւլ շնորհաւորեց մօտաւորապէս նոյն բառերը օգտագործելով ինչ որ Քոչարեան գործածած էր իրեն ղրկած շնորհաւորական նամակին մէջ, նոր հնարաւորութիւններ ակնկալելով, որպէս սկիզբ երկխօսութեան: Ապրիլի 30-ին, Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Էդուարտ Նալպանտեանը յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ հետ խօսելու ոճը պէտք է որ փոխուի եւ պէտք է կարողանալ յաղթահարել այն դժուարութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան ուղղութեամբ: Յաջորդեց Յունիսի վերջը, երբ նախագահ Սերժ Սարգիսեան Մոսկուայի մէջ երկու յայտարարութիւններ ունեցաւ, մէկը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման նպատակով, Սեպտեմբերի 6-ին Թուրքիոյ Նախագահի Հայաստան հրաւէրն էր: Երկրորդ յայտարարութիւնն էր` սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու պարագային Հայաստան դէմ չըլլար Թուրքիոյ առաջարկած պատմաբաններու յանձնաժողովին: Յատկապէս այս վերջին յայտարարութիւնը դժգոհութիւն յառաջացուց ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ, նոյնինքն Լեւոն Տէր Պետրոսեան դէմ արտայայտուեցաւ, ըսելով, որ պատմաբաններու յանձնաժողովի համաձայնութիւն տալ կը նշանակէ Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ դրած ըլլալ: Դաշնակցութիւնը նախագահին հետ հանդիպելով իր դժգոհութիւնը յայտնեց եւ նախագահն ու արտաքին գործոցը հրապարակաւ բացատրեցին, թէ իրենք նոր բան չեն ըսեր, այլ կը կրկնեն նախագահ Քոչարեանի նամակի բովանդակութիւնը, յստակացնելով, որ ուսումնասիրութիւններ տեղի պիտի ունենան, սակայն Հայաստանի մօտեցումը այն չէ որ Ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է կամ ոչ, այլ Ցեղասպանութեան մասին քննարկումներ պիտի կայանան:

Սեպտեմբերի 6-ին, Կիւլի Հայաստան ժամանումով, ոտնագնդակի խաղի աւարտին, երկու նախագահները հանդիպում ունեցան, որոնց յանձնարարութեամբ կայացաւ նաեւ զոյգ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում: Երկուքուկէս ժամ բանակցելէ ետք նախարարները յայտարարեցին, թէ աշխատանքները պիտի շարունակուին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ բաց սահմաններ ունենալու համար: Իրապէս տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան դիւանագէտներու հանդիպումներ եւ թուրքերը սկսան գռեհիկ խաղի մը, իրաւ կամ սուտ լուրեր դրսեւորելով, ապատեղեկութիւն տալով: Հայկական կողմը ընդհանրապէս անպատասխան ձգեց այս տեղեկութիւններու արտահոսը: Սփիւռքն ու Հայաստանը թրքական աղբիւրներէ սկսան լսել բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները: Այս ընթացքին է նաեւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ նախագահը յայտարարութիւններ ըրին, թէ երբ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուին եւ յարաբերութիւններու «սերտացում» նշմարուի, թուրքերը շատ հանգիստ կրնան ըմբերանել այն երրորդ երկիրները, որոնք կը մտածեն ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ քննարկել: Այս մօտեցումով, Թուրքիոյ նախագահը կարծես մէկդի դրած երկկողմանի պատմաբաններուն առաջարկը, եւս յայտարարութիւններ կատարեց ըսելով, որ յառաջիկային կարելի է միջազգային մասնագէտներով պատմաբաններու յանձնաժողով մը կազմել, որ զբաղի մեր հարցերը քննելով եւ ճիշդ չէ, որ այսպիսի պատմական խնդիրներու նկատմամբ, խորհրդարաններու մէջ քաղաքագէտներ բանաձեւեր որդեգրեն: Այս առնչութեամբ Հայաստանի կողմը յայտարարած է. ա) Քննարկել չի նշանակեր հարցականի տակ դնել Ցեղասպանութեան փաստը, կարելի է քննարկել նոյնիսկ ամենաընդունուած փաստեր` առանց անպայման այդ փաստերը հարցականի տակ դնելու: բ) Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները ինչ արդիւնքի ալ յանգին, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութենէն դուրս պիտի չբերուի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ծրագիրը: Նիու Եորքի մէջ, մօտ մէկուկէս ամիս առաջ կայացաւ երկու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում, որոնց ետքը միացաւ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոցը: Թուրքիա այս առիթը եւս սկսաւ շահարկել հռչակելով, թէ Հայաստանի նախագահը խնդրած է Կիւլէն, որպէս միջնորդ հանդէս գալու: Մինչ Սարգիսեան յայտարարած էր, որ Հայաստան չէ խնդրած որ Թուրքիա միջնորդէ, այլ խնդրած է որ աջակցի եւ օգտակար դառնայ այս բանակցութիւններուն: Եւս փաստերու խեղաթիւրում Թուրքիոյ կողմէ: Անցնող շաբաթ երկու նախարարները դարձեալ հանդիպած էին Ալպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ, առանձնաբար յայտարարեցին, թէ բանակցութիւնները յետ այսու աւելի խորհրդապահական բնոյթ պիտի ունենան:

Այս բանակցութիւնները մտահոգիչ են հետեւեալ տեսակէտերէ. ա) Ստորագրուելիք համաձայնագիրը չընդգրկէ այնպիսի կէտ, որ կարենայ մեկնաբանուիլ Հայաստանի կողմէ Թուրքիայէն հողային պահանջքներու իրաւունքներէ հրաժարում: Ինչ որ Ուիլսընեան իրաւարար վճռով եւ Սեւրի դաշնագրով ճշդուած սահմաններուն մասին խօսքը կրնայ անհիմն համարել: բ) Եթէ ճիշդ են Թուրքիոյ կողմէ տարաձայնուած տեղեկութիւնները, որոնց եւս կ՛արձագանգեն կարգ մը շրջանակներ, պատմաբաններու յանձնաժողով կազմելու առնչութեամբ, այդ մեծ հարուած կը հասցնէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին: Անկախ անկէ, որ այս խումբը ինչ պիտի քըննարկէ, «պատմաբանական» եզրը որպէս նախադրեալ, խիստ կը մտահոգէ կուսակցութիւնը: Այսօր Հայաստանի մէջ այս ուղղութեամբ կան տարբեր մօտեցումներ, տարբեր քաղաքական հոսանքներ տարբեր ձեւով կը գնահատեն Թուրքիոյ հետ լեզու գտնելու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սահմանը բանալու անհրաժեշտութիւնը:

Ի՞նչ է Դաշնակցութեան մօտեցումը: Առաջին` բնական է, որ որեւէ պետութիւն իր հարեւաններուն հետ ունենայ բաց սահման, բայց այս պարագային Հայաստանի համար շրջափակումի վերացումը ինքնաբերաբար չ՛ենթադրեր տնտեսական մեծ օգուտներ, փաստը այն է, որ 15 տարիներէ ի վեր փակ սահմաններու պայմաններով հանդերձ Հայաստան փորձած է տնտեսական քայլեր առնել, արտադրութիւններու սկսիլ, որոնք ի վերջոյ տնտեսութիւն մը կազմող բաղադրիչներ են: Ուրեմն, Հայաստանի մէջ տնտեսութիւնը զարգացած է եւ այդ սահմանով չէ պայմանաւորուած, ընդհակառակը բաց սահմաններու պարագային Թուրքիոյ պետութիւնը յատուկ նպատակներով, շատ հանգիստ կրնայ Հայաստանի տընտեսութեան մեծ հարուած հասցնել, սկսելով գիւղատնտեսական արտադրութիւններէն մինչեւ այլ արդիւնաբերութիւններ: Երկրորդ` ներքին տնտեսական բնագաւառէն ներս մենք իսկապէս շատ հարցեր ունինք լուծելիք մեր տնտեսական աճի ուղղութեամբ: Մեծ յոյսեր դնել Թուրքիոյ սահմանի վրայ եւ այդպիսի մթնոլորտ ստեղծելը լրիւ սխալ է: Հակառակ սահմանի փակ ըլլալուն, արդէն Հայաստան-Թուրքիա անպաշտօն` թրքական տեսանկիւնէ նոյնիսկ արգիլուած տնտեսական կապեր գոյութիւն ունին, որոնք կ՛ընթանան Վրաստանի ճամբով: Տնտեսական կապերու այսպիսի համեմատութիւն մը կայ: Օրինակ` անցնող վերջին տարին Հայաստան մօտ 120 միլիոն տոլարի ապրանք ներածած է Թուրքիայէն, իսկ Հայաստանը Թուրքիա արտահանած է միայն 3 միլիոն տոլարի արտադրանք: Հայաստանի մէջ պէտք է քայլեր առնուին համարժէք տնտեսութիւն ստեղծելու երկու երկիրներուն միջեւ, այսինքն` Թուրքը ինչ արգելքներ որ դնէ Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ, նոյնը սահմանէ նաեւ Հայաստանը Թուրքիոյ եւ իր քաղաքացիներուն նկատմամբ: Երրորդ` սահմանի բացումը կրնայ նաեւ մեր ազգային անվտանգութիւնը խաթարել, մանաւանդ որ Թուրքիա կրնայ ինք սադրանք կազմակերպել: Օրինակ` Թուրքիոյ հակաքարոզչական հնարքներէն մէկն է, իբրեւ թէ Հայաստանը կը նպաստէ թրքական (Փէքաքայի) մարտիկներուն, որոնք Հայաստանը կը գործածեն որպէս մարզումի կեդրոն եւ Հայաստանէն կ՛անցնին Թուրքիա: Այս հիմնաւորումով 1993-ին նոյնիսկ Հայաստան ներխուժելու ծրագիր ունեցած է:

Ամփոփելու համար` սահմաններու բացումը անհրաժեշտ է, սահմանը փակ պահելը Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ թշնամական վերաբերմունք է: Սակայն սահմանի բացումը այն չէ, որուն համար մենք մեր ընդհանուր ազգային պետական շահերէն հրաժարինք կամ զիջինք: Պարզ է որ կամովին հրաժարող չկայ Հայաստանի մէջ, բայց կրնան ակամայ զիջումներ պատահիլ:

Թուրքիա այսօր շահագրգռուած է Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու, յատկապէս հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած Վրաստան-հարաւային Օսեթիա-Ռուսաստան պատերազմէն վերջ: Երբ Թուրքիա ուզեց այդ շրջանին մէջ աւելի ազդեցիկ եւ դերակատար ուժ հանդիսանալ, իր առջեւ միակ խոչընդոտը Հայաստանի հետ յարաբերութիւն չունենալն էր: Որովհետեւ կարելի չէ հարաւային Կովկասի մէջ ըլլալ թելադրող ուժ, եթէ բոլորին հետ յարաբերութիւն չունի: Այդ պատերազմէն ետք, շատ բաներ, որոնք անհաւանական էին, դարձան հաւանական եւ Թուրքիա փորձեց օգտուիլ այս առիթէն, յառաջացուց Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ համագործակցութեան հարթակի իր առաջադրանքը եւ փորձեց լեզու գտնել Հայաստանի հետ: Այլապէս Թուրքիոյ նախագահը չէր այցելեր Հայաստան: Այսինքն, այսօր Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւն հաստատելու նոյնքան կարիքը ունի ինչքան Հայաստանը` Թուրքիոյ հետ: Պատճառ մը եւս, որ Հայաստանը բաւական ամուր մնայ իր կեցուածքին եւ սկզբունքներուն վրայ:

Ի՞նչ կարելի է եւ պէտք է ընէ Սփիւռքը:

ա.- Ամենակարեւորը, այս բանակցութիւնները պատճառ պէտք չէ հանդիսանան, որ Հայաստան-Սփիւռք պառակտում յառաջանայ եւ Հայաստան-Սփիւռք տարբերութեան հարցի չվերածուի: Ատենախօսը վստահեցուց, թէ Սփիւռքի մէջ կան շատեր, որոնք կը մտածեն այնպէս ինչպէս կը մտածեն Հայաստանի նախագահն ու արտաքին գործոցը եւ հակառակը` Հայաստանի մէջ կը գտնուին շատեր, որոնք կը մտածեն ինչպէս Սփիւռքի մէկ բաժինը եւ կը հաւատան Հայ Դատի պայքարին:

բ.- Այս բանակցութիւնները չվերածել խնդրի լուծման Սփիւռքի առաւել իրաւասու ըլլալու հարցի, պատրուակելով, որ Սփիւռքն է Ցեղասպանութեան զոհի ժառանգորդը: Ի վերջոյ Հայաստանի բնակչութեան մօտ 70 տոկոսը, վերջին 150 տարուան ընթացքին արեւմտահայաստանէն Հայաստան տեղափոխուածներու ժառանգներ են, եւ բնակչութեան շուրջ 40 տոկոսը ուղղակի Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգներ են: Արդեօ՞ք կարելի է ըսել, որ Հալէպի մէջ բնակող սասունցիի ժառանգը աւելի իրաւունք ունի Սասնոյ նկատմամբ, քան Թալինի մէջ ապրող սասունցիի ժառանգը: Այս ուղղութեամբ եւս կարելի չէ պառակտում յառաջացնել:

Ընկ. Կիրօ նշեց, որ եթէ Սփիւռքի մէջ հարցեր կան բանակցութիւններու առնչութեամբ, անպայման պէտք է բարձրացնենք, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հասկնան, որ Սփիւռքի յատկապէս գործունեայ զանգուածը, տարիներէ ի վեր պահած ու պահպանած է հայ Սփիւռքը, եւ հայապահպանում կազմակերպած է, այդ հայապահպանումը ինքնանպատակ չէ եղած, այլ ծառայեցուցած է աւելի մեծ նպատակի` վաղուան մեր մտածած ամբողջական Հայաստանի կերտման: Ուստի, այդ հատուածը իր ըսելիքը ունի: Ոչ ոք կը փորձէ Սփիւռքը այպանել, այդ մէկը միայն Թուրքիոյ քարոզչութիւնն է: Ընկերը նաեւ իր համոզումը յայտնեց, որ Հայաստանի ե՛ւ իշխանութիւնները, ե՛ւ հասարակութիւնը ճիշդ կ՛արժեւորեն Սփիւռքի դերակատարութիւնը: Իսկ Դաշնակցութիւնը որպէս կազմակերպութիւն, այս մտահոգութիւնները փոխանցած է Հանրապետութեան նախագահին եւ պիտի շարունակէ համոզել, թէ ճիշդ ճանապարհը ո՞րն է: Այն օրը, որ Դաշնակցութիւնը նկատէ, թէ իր ներկայութիւնը իշխող քոալիցիայի մէջ Դաշնակցութեան տեսանկիւնէն անարդիւնաւէտ է, պարզ է որ դուրս կու գայ այդ կազմէն եւ կ՛արտայայտուի որդեգրուած քաղաքականութեան նկատմամբ, սակայն միշտ ու միշտ վեր դասելով երկրի կայունութիւնը եւ բոլորի միասնականութիւնը:

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»