ԱԿՆԱՐԿ – «ԵՐԲԵՔ»

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հետեւող մամլոյ որեւէ ներկայացուցիչ պարտաւոր է լուսարձակներ բանալու նախագահ Սարգսեանի գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկեմայնէ Ցայթունկ» թերթին տուած հարցազրոյցին վրայ: Աւելի ճիշդը` պատմագէտներու միացեալ յանձնախումբ յառաջացնելու թրքական առաջարկին մեր նախագահին տուած պատասխանին վրայ: Այսպէս. «Մենք կը ցանկանք յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, բայց ոչ` ամէն գնով: Եւրոպական երկիրները եւս ժամանակին պատմական յանձնախումբեր չեն ստեղծած` բնականոն յարաբերութիւններ զարգացնելու համար: Նման քայլ մը կրնայ նաեւ նշանակել փորձ` մոլորութեան մէջ ձգելու միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս, երբ անիկա տարիներու գործընթաց է»:

Նախ յայտնենք, որ խորքին մէջ այս յայտարարութիւնը վերաձեւակերպումն է նախորդ նախագահին կողմէ թրքական առաջարկին դիմաց յայտարարուած պատասխանին: Ուղղակի մերժում է Թուրքիոյ լարած ծուղակին չներքաշուելու:

Ժամանակագրական տեսակէտէն տեղին է գերմանական թերթի աշխատակիցին կատարած հարցազրոյցը: Թրքական մամուլը այնքան ապատեղեկատուութիւն տեղացուցած է համացանցին վրայ, որ եթէ նիւթին ոեւէ հետեւող կ՛օգտագործէ բացառապէս թրքական լրատուամիջոցներ, կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, որ հայկական կողմը պաշտօնապէս հրաժարած է Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն:

Կը բաւէ մէջբերել նորագոյն օրինակը «Թուտէյզ Զաման»ի ելեկտրոնային հրատարակութեան վրայ կիրակի երեկոյ յայտնուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Սթոքհոլմի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին իբրեւ թէ կատարած այն յայտարարութիւնը, ուր Նալբանդեան, միշտ ըստ թրքական լրատուամիջոցին, համոզում կը յայտնէ, որ օտար խորհրդարաններու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջները չեն նպաստեր հայ-թրքական երկխօսութեան կայացման: Այս պարունակին մէջ ալ յերիւրանքներու տարափը կը շարունակուի:

Այս անհեթեթութիւնը հակափաստարկելու պարտաւորութեան տակ չեն զգացած յայտնաբար մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական բաժանմունքի պատասխանատուները: Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը լուրեր բաժինով տեղեկութիւններ կու տայ նախարարին Շուէտ կատարած պաշտօնական այցելութեան մասին: Թերեւս պէտք է յիշեցնել միայն, որ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնները նախագահի եւ նախարարի մակարդակներով միշտ պահած են համահնչեղութեան շարունակականութիւնը: Ալ ո՛ւր մնաց նման զգայուն նիւթերու վերաբերեալ: Երբ գերմանական թերթին ճամբով նախագահը կը շեշտէ միջազգային հանրութիւնը չմոլորեցնելու հրամայականը` հիմնաւորելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը տարիներու գործընթաց է, նախարարը շուէտական լրատուամիջոցներուն պարզապէս չի կրնար ներկայանալ իբրեւ օտար խորհրդարաններու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջի արծարծումը վնասակար գործընթաց նկատող պետական գործիչ մը:

Թրքական յերիւրանքներու հերքումը եղած է անուղղակի: Երէկ, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բաժանմունքը շրջանառութեան մէջ դրաւ նախարարին «Նովոստի Արմենիա» լրատու գործակալութեան կատարած յայտարարութիւնը, ուր ի միջի այլոց կ՛ըսուէր. «Վերջերս թրքական մամուլին մէջ Հայաստանի պաշտօնեաներուն վերագրուող լուրերը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին վերաբերեալ աղաւաղուած են եւ ներկայացուած են գլխիվայր: Բազմիցս ըսած եմ եւ նորէն կ՛ուզեմ կրկնել, որ Հայաստանի պաշտօնեաները չեն արտայայտուած եւ երբեք չեն արտայայտուիր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը դադրեցնելու օգտին: Առաւել եւս Հայաստանը չի կրնար հանդուրժել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան որեւէ դրսեւորում»:

«Երբեք» բառը բացարձակապաշտ մօտեցում կ՛ենթադրէ եւ առհասարակ քաղաքական յայտարարութիւններուն մէջ շատ օրինաչափ չէ անոր օգտագործումը: Այս պարագային սակայն օրինաչափ ըլլալէն աւելին է:

Իսկ այս մէկը թրքական կազմին համար յստակացում է: Եւ ոչ միայն թրքական:

«Ա.»
«ԱԶԴԱԿ»