ԱՄՆ կը պաշտպանէ հայ-թրքական սահմանի բացման գաղափարը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակեն աշխատանքը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբէն ներս: Նման յայտարարութիւն ունեցած է Օգոստոս 26ին, Երեւանի մէջ ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ճոզէֆ Փենինկթընը՝ մեկնաբանելով Հատսըն համալսարանի եւրասիական քաղաքականութեան հարցերու վարչութեան պետի միտքը, թէ վրացական խնդիրին պատճառով սրուած ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնը նկատի առնելով, անիմաստ պիտի դառնայ այդ երկու երկիրներու մասնակցութիւնը Մինսկի խումբի աշխատանքին: Փենինկթըն նաեւ յայտնած է, թէ ատիկա պաշտօնական կարծիք չէ եւ նմանօրինակ կարծիք չի կրնար հնչել ամերիկացի ոեւէ պաշտօնեայի կողմէ:

Նոյն ատեն, Ճոզէֆ Փենինկթըն յայտնած է, թէ Ամերիկան կը պաշտպանէ հայ-թրքական սահմանի բացման գաղափարը: Ըստ անոր, տարածաշրջանի վերջին ճգնաժամը ցոյց տուած է, որ սահմանները պէտք է բաց ըլլան եւ տեղի ունենայ ազատ ապրանքաշրջանառութիւն: Փենինկթընի կարծիքով, չկայ այլ երկիր, որ կ’աջակցի հայ-թրքական սահմանի բացման գաղափարին այդքան, որքան՝ Միացեալ Նահանգները:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»