«Պէտք է ջնջել այն բոլոր ձայները, որոնք կը ձգտին սեպ խրել հայութեան երկու հիմնական հատուածներուն միջեւ»

«ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

MgrditchMgrditchian«ԱԶԴԱԿ».- Հարցազրոյցը սկսինք կուսակցութեան վերաբերող վերջին հիմնական իրադարձութիւններով։ Ռայոնական իրերայաջորդ ժողովներ գումարուեցան։ Մամլոյ հրապարակումներէն պարզ կը դառնայ, որ օրակարգի առանցքային բաժինը հայ-թուրք յարաբերութիւններն են։ Յստակ է կուսակցութեան կեցուածքը։ Գործընթացը կ՛ուղղուի դէպի վաւերացման փուլ։ Ի՞նչ աշխատանքներ կը նախատեսուին այս ուղղութեամբ։

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Ճիգ կը թափուի իրազեկ պահել հանրային կարծիքը, որպէսզի արգելակուի արդէն ստորագրուած համաձայնագիրներուն վաւերացումը Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ: Գիտենք, որ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ իշխանամէտ ուժերը լայն մեծամասնութիւն մը ունին: Աշխատանքները ուղղուած են այդ մեծամասնութիւնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցով փոքրացնելու, ինչ որ անկարելի բան չէ՝ նկատի ունենալով հարցին հիմնականօրէն ազգային բնոյթը:

«Ա.».- Հայաստանի առաջին նախագահին վերջին ելոյթին մէջ կարեւոր բաժին վերապահուած էր Դաշնակցութեան ուղղուած քննադատութիւններուն։ Ի՞նչ կը կատարուի այսօր, յատկապէս հայաստանեան ընդդիմադիր դաշտին մէջ։

Մ. Մ.- Ընդդիմադիր դաշտին մէջ կառավարութեան կազմէն դուրս գալու Դաշնակցութեան որոշումէն ետք տեղաշարժ տեղի կ՛ունենայ այսօր: Մեր կուսակցութեան ընդդիմադիր դարձած ըլլալու իրողութիւնը ատենին շփոթի մատնեց ՀԱՔը (Հայ Ազգային Քոնկրէսը), որ իր ամբողջ քարոզչական մեքենայով սկսաւ կասկած սփռել ՀՅԴի՝ ընդդիմութեան մաս կազմելու անկեղծութեան մասին: Հիմա մարդիկ վերջիվերջոյ համոզուեցան, որ Դաշնակցութեան ընդդիմութիւնը իրական է, մանաւանդ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցին վերաբերմամբ իշխանութիւններուն կողմէ ներկայ ընթացքը որդեգրուելէն ետք: Այսօր յստակ կ՛երեւի, որ կեղծ ընդդիմութիւնը՝ ՀԱՔի ընդդիմութիւնն է:

«Ա.».- Ասիկա նոր գաղափար է: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզէք:

Մ. Մ.- Բացատրեմ: ՀԱՔի հիմնական պահանջը նախագահի հրաժարականի պահանջն է. Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ձեր մատնանշած ելոյթէն ետք ՀԱՔի ընդդիմադիր ըլլալու մասին աւելի ճիշդ պիտի ըլլար խօսիլ անցեալ եղանակով, քանի այդ ելոյթին մէջ ՀԱՔի կողմէ իշխանութեան հետ գործակցութեան յստակ տրամադրութիւն կ՛երեւի: Վերադարձ մը անցեալ տարուան նախագահական ընտրութիւններու օրերուն մեզի ցոյց պիտի տայ, թէ ընտրութիւններէն ետք խռովութիւններու տարողութիւնը արուեստական էր. այն տպաւորութիւնը ունեցանք նոյնիսկ, որ անոնք հրահրուած են դուրսէն:

Տպաւորութեան մասին կը խօսինք, որովհետեւ փաստ չունինք: Սակայն լրատուական գործակալութիւններու ինքնութիւնն ու անոնց կատարած սփռումներու տեսակը այնպիսին էին, որ ակներեւ էր, թէ ամէն պարագայի կը հետապնդուի երկրի իշխանութիւններուն միջազգային վարկազրկումը: Այդպիսի կացութեան մէջ աւելի կը դիւրանայ պայմաններու պարտադրումը:

Պիտի չմոռնանք նաեւ, որ ՀԱՔը առաջին իսկ օրէն իր համաձայնութիւնը տուաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գործին: Այսինքն՝ քաղաքական խայտառակ վիճակ։ Մէկ կողմէն կը պահանջես նախագահի հրաժարականը, միւս կողմէն՝ համաձայնութիւնդ կու տաս անոր քաղաքականութեան հիմնական մէկ գործողութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ այդպիսի ուժ մը ընդդիմադիր ուժ է:

Ասկէ կը բխի Դաշնակցութեան դէմ տարուող քարոզչական այն ուժեղ պայքարը, որ սկսաւ կառավարութեան կազմէն Դաշնակցութեան հրաժարելէն ետք: ՀԱՔի նախագահի ելոյթը մաս կը կազմէ քարոզչական գործողութիւններու նոյն շարքին: Պարզապէս շեշտը բարձրացած է, քանի Դաշնակցութիւնը իր բաց քաղաքականութեամբ կը սպառնայ գրաւել ՀԱՔի տեղը Հայաստանի քաղաքական ընդդիմութեան դաշտին մէջ: Ի դէպ՝ քննադատութիւնները ուղղուած չեն միայն Դաշնակցութեան: Ան արհամարհական ոճով կը խօսի առհասարակ «հայդատականութեան» դէմ, որ կ՛ենթադրէ աւելի լայն երանգապնակ: Բայց իրեն համար կարեւոր չէ։ Ան պիտի կորսնցնէ իր փոքր դաշնակիցներուն մէկ մասը, իսկ փոխարէնը ձեռք կ՛երկարէ իշխանութիւններուն: Մէկ խօսքով՝ ազգային լուրջ ու ծանր հարցերու դիմաց՝ թեթեւ ու աժան իշխանութեան մօտենալու մարտավարութիւն: Իր պարագային՝ նորութիւն չէ:

«Ա.».- Լեւոն Տէր Պետրոսեան նոյն ելոյթին մէջ նոյնպէս վերապահութիւններ յայտնած է ստորագրուած փրոթոքոլներուն վերաբերեալ:
Մ. Մ.- Միակ վերապահութիւնը կը վերաբերի պատմական հարցերով զբաղելիք կառավարական ենթայանձնախումբին: Այսինքն՝ Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնող կէտին: Ասիկա՛ ալ կեղծիք է, քարոզչական մարտավարութիւն է: Իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին ինքն էր, որ արգելքներ կը դնէր սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող որոշ ձեռնարկներու կազմակերպման: Հիմա կ՛երեւի համոզուած ըլլալ, որ հայ ժողովուրդը չի ներեր անոնց, որոնք Ցեղասպանութեան հարցով թեթեւ ու անլուրջ կը վերաբերին: Հոկտեմբեր 9ի ցոյցը զինք ալ սարսափեցուց: Ճիշդ է, որ ինք այդպիսի արտայայտութիւններ ունեցած էր այդ ցոյցէ՛ն ալ առաջ, սակայն անոնք նոյնպէս մարտավարական շարժումներ էին կատարուած՝ Դաշնակցութիւնը եւ այլ ուժեր գոհացնելու եւ «որսալու» միտումով:

«Ա.».- Խօսինք քիչ մը սփիւռքեան երեւոյթներուն մասին։ Նախ կ՚ուզենք իմանալ ձեր ընդհանուր գնահատականը՝ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն սփիւռքեան հակազդեցութիւններուն մասին։ Այսօր տարբեր առիթներով կը խօսուի, որ սփիւռքը միակամ չէ դիրքորոշուած արձանագրութիւններուն նկատմամբ։

Մ. Մ.- Այս վերջին կէտը բացարձակ սխալ մըն է: Ի՞նչ ըսել է միակամութիւն եւ ինչի՞ շուրջ: Ճիշդ է, որ գտնուեցան պատասխանատուներ, որոնք ներկայ քաղաքական ընթացքին մասին դրական յայտարարութիւններ կատարեցին. նոյնքան ճիշդ է նաեւ, որ անմիջապէս ետք արտայայտուեցան այդ յայտարարութիւնները սրբագրող այլ յայտարարութիւններ: Ո՛չ:

Սփիւռքը իր ռազմավարական-քաղաքական, բայց մանաւանդ՝ իր ժողովրդական ամբողջութեան մէջ այս հարցին մէջ միակամ է: Ի դէպ, Հայաստանի մէջ տարբեր չէ: Թող իշխանութիւնները ազատ պահեն լրատուական ասպարէզը եւ ժողովրդային հանրային կարծիքը նոյն ուղղութիւնը կը ստանայ շուտով. այսօր արդէն շատ հեռու չենք գտնուիր այդ վիճակէն:

«Ա.».- Շարունակենք մնալ հարցին ընդհանուր ծիրին մէջ եւ փորձենք կեդրոնանալ սփիւռքի քաղաքական շրջանակներուն իրազեկուածութեան մակարդակին եւ անոնց ցոյց տուած քաղաքական հասունութեան չափին վրայ։ Ճիշդ է եւ հասկնալի՝ սփիւռքեան քաղաքական շրջանակներուն գերզգայնութիւնը հիմնական այս թղթածրարին նկատմամբ, բայց եւ այնպէս զուտ քաղաքական, իրաւագիտական գնահատականներ տալու խնդիր կը դրուի այսօր, մանաւանդ աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադրութիւններու լոյսին տակ։

Մ. Մ.- Սփիւռքի ուժեղ հակազդեցութիւնը աւելի քան բնական է, թէեւ (կը կրկնեմ, որպէսզի մարդոց ուղեղին մէջ վերջնականօրէն գամուի) հայրենի ժողովուրդին վերաբերումը շատ տարբեր չէ:

Պէտք չէ մտահան ընել, որ սփիւռքը ցեղասպանութեան հարցով տասնամեակներ շարունակ ունեցած է գործելու ազատութիւն, ամբարած է այս ուղղութեամբ քաղաքական-յարաբերական բազմակողմանի փորձառութիւն, ներքին բուռն պայքարներու փուլէ մը անցնելէ ետք՝ դարբնած է միակամութիւն: Որոշ խնդիրներու շուրջ գոյացած այդ միակամութիւնը ջլատելը դիւրին չէ. համոզուած եմ՝ անկարելի է: Բայց եւ այնպէս պէտք է անդրադառնալ, որ քաղաքական-քարոզչական պայքարի ձեւերու նորոգման հարցեր կը դրուին. անշուշտ՝ խորքը պահելով նոյնը: Ատենին հայկական արեւելեան ու արեւմտեան հատուածները իրարմէ բաժնուած էին երկաթէ վարագոյրով. այսօր ամէն ինչ թափանցիկ է, յարաբերութիւնները տեւական են:

Ժամանակին սփիւռքը կը գործէր հայրենիքէն բոլորովին անկախ. այսօր ատիկա անկարելի է: Անկախութենէն առաջ սփիւռքի մէջ կատարուած գործողութիւն մը այնքան ալ չէր ազդեր Հայաստանի վրայ եւ փոխադարձաբար. այսօր փոխազդեցութիւնը անմիջական է: Այսպիսի հարցերու մասին փնտռտուքն ու անոնց արդիականացած լուծումն է վերջիվերջոյ, որ կ՛ապացուցէ հաւաքականութեան մը քաղաքական հասունութեան աստիճանը: Ձեւերու փոփոխութիւնը պէտք է բարձրացնէ նոյն նպատակին հասնելու հաւանականութիւնը: Սխալ չէ մտածել, թէ ինչ որ անցեալին օգուտ կը հասցնէր, այսօր կրնայ վնասաբեր ըլլալ: Հասարակ տեղիք է:

«Ա.».- Հայրենի նախաձեռնութիւններն ու սփիւռքեան հակազդեցութիւնները կը կարծէ՞ք որ իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ։ Եթէ այդպէս է, ի՞նչ տեսակ ազդեցութիւններ կրնան ներգործօն դեր ունենալ այս բոլորին վրայ։

Մ. Մ.- Ազդեցութեան ու հակազդեցութեան օրէնքը միայն բնագիտական օրէնք չէ, նաեւ ընկերային օրէնք է: Փոփոխութիւն մը բնականաբար կը յառաջացնէ այլ փոփոխութիւն. ինչպէս բնագիտութեան մէջ՝ անմիջականօրէն, կամ՝ որոշ ժամանակ ետք:

Սակայն ազդեցութիւն ու հակազդեցութիւն կը բանեցուին երկու տարբեր մարմիններու կողմէ: Իսկ մենք կը խօսինք նո՛յն ժողովուրդին մասին, հայութեան մասին, որ մէկ է ու անբաժանելի, որ պարտի աշխարհին ներկայանալ նոյն ձեւով՝ հետապնդելով հասարակաց շահեր: Ասիկա կ՛ենթադրէ ներքին երկխօսութեան առկայութիւն, որ իրականութեան մէջ տակաւին լուրջ կերպով կեանք չէ առած. կ՛ենթադրէ ներքին համաձայնութիւն, որ տակաւին տարտամ տարազումներով կը ներկայանայ. կ՛ենթադրէ, վերջապէս, այդ համաձայնութեան կէտերու իրականացման ի խնդիր գործունէութեան ծրագիր եւ գործերու բաժանում: Տարբեր տեղ ըլլալը, տարբեր կազմաւորում ունենալը հարստութիւն է, ինչ որ պէտք է ի սպաս դնել հասարակաց խնդիրներու լուծման:

Այս գիտակցութիւնը տակաւին համատարած չէ՝ դժբախտաբար: Աւելի ճիշդ՝ ան տեսականօրէն գոյութիւն ունի, բայց գործնական դաշտին մէջ ինքզինք արտայայտելու դժուարութիւն ունի՝ այդ նոյն տարբերութիւններուն պատճառով: Հայաստան-Թուրքիա փրոթոքոլներու ներկայ խնդիրը իբրեւ վերջին ազդանշան պէտք է ծառայէ, որովհետեւ այս հարցերուն լուծումը այլեւս ստացած է անյետաձգելի նկարագիր: Ասիկա՛ ալ կրնաք արձանագրել քաղաքական հասունութեան հաշուեգլուխին տակ:

«Ա.».- Թրքական նկրտումները անկախ իրենց արտաքին դիւանագիտական աշխատանքներուն մէջ առաւելներ ձեռք ձգելու աշխատանքներէն ի՞նչ կը հետապնդեն զուտ հայկական դաշտին մէջ։ Նկատի ունինք միշտ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները։

Մ. Մ.- Ակնբախ է, որ քաղաքական-դիւանագիտական այս գործընթացը պիտի ձգձգուի հակառակ հայկական կողմի զայն «ընդունելի» ժամանակահատուածի մէջ աւարտելու կրկնուող պայմանին: Իմ հայեցողութեամբս, թրքական կողմը ներկայ հանգրուանին կը ձգտի հայութեան պառակտման, որմէ ետք իրեն համար աւելի նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին, քան՝ այսօր, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Արցախի հարցի կարգաւորման. այդ խնդիրով Թուրքիա ունի ներքին հարցեր, ինչպէս նաեւ կ՛ենթարկուի Ատրպէյճանի սուր քննադատութիւններուն: Հասկնալի է, որ հայկական կողմը պէտք է մնայ ամուր:

Անշուշտ հայութիւնը ունի նաեւ լուծելիք ներքին հարցեր, սկսելով՝ երկրի տնտեսութենէն, անցնելով՝ ընկերային հարցերէն եւ մինչեւ անվտանգութեան խնդիրները: Առանց որեւէ գլուխի կարեւորութիւնը նսեմացնելու՝ առաջնահերթութիւնները յայտնի են: Հետեւաբար այդ առաջնահերթութիւններուն շուրջ հայկական կամքի համախմբումը հրամայական է, որպէսզի հաւանական անհամաձայնութիւնները ուրիշներու կողմէ չշահագործուին: Անհամաձայնութիւնները, անշուշտ, այսօր կա՛ն, սակայն անոնց հրապարակային դրսեւորումը հաւաքականութիւնը չէ հասցուցած վտանգաւոր հանգրուանի:

Հայութեան գործունէութիւնը սահմանող գաղափարները պէտք է ըլլան կեդրոնաձիգ՝ ապահովելու համար հայկական պետականութեան առողջ շարունակականութիւնն ու անոր հզօրացումը: Այս նպատակին համար, ի շարս այլոց, անհրաժեշտ է նաեւ սփիւռքահայ կառոյցներու հզօրացումը: Պէտք է իրենց առաջին արտայայտութենէն իսկ ջնջել այն բոլոր ձայները, որոնք կը ձգտին սեպ խրել հայութեան երկու հիմնական հատուածներուն միջեւ: Այդ ձայները բազմազան են. թրքական, առհասարակ օտար, բայց նաեւ՝ հայկական ձայներ, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը նպաստեն ժխտական մթնոլորտի ստեղծումին:

«Ա.».- Այսօր սփիւռքեան զանազան շրջանակներուն մէջ կը խօսուի արեւմտահայոց քոնկրես կամ նման լիազօրուած մարմին յառաջացնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Կայ միտում, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն անկախ սփիւռքին մնացած է պարտականութիւնը հայկական իրաւունքներու վերատիրացման աշխատանքը շարունակելու։ Թերեւս զարմանալի պէտք չէ թուի, որ նման մտածողութիւն կը զարգանայ նաեւ հայաստանեան կարգ մը շրջանակներուն մօտ։

Մ. Մ.- Կը կարծեմ, որ այս հարցումին արդէն պատասխանած եմ: Համահայկական խնդիրները կը լուծուին միայն ու միայն համահայկական համախոհութեամբ ու ներդրումով: Այլապէս հակասութիւնները կը դառնան անխուսափելի՝ ներհայկական պառակտումը իրենց կարգին դարձնելով նոյնքան անխուսափելի: Անդրադառնանք, օրինակի համար, որ սխալ է մտածել, թէ Ցեղասպանութեան հարցը միայն սփիւռքահայութեան հարցն է: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման մթնոլորտի բիւրեղացումը սկսաւ 1965ին թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ. միաժամանա՛կ: Հայաստանի բնակչութեան մէկ կարեւոր համեմատութիւնը Ցեղասպանութեան մնացորդացէն սերած է: Սխալ է շատ դիւրաւ ու կամովին իյնալ ուրիշներու լարած ծուղակներուն մէջ:

«Ա.».- Պահը զգօնութեան, սթափ մնալու հարկադրանքը կը յուշէ։ Յատկապէս հայկական կողմին մէջ երեւցող ճեղքերը շաղախելու եւ պառակտուածութեան որեւէ նախադրեալ չէզոքացնելու։ Ի՞նչ պէտք է ընել, ինչպէ՞ս պէտք է ընել։

Մ. Մ.- Պէտք է ըլլալ վճռական. բայց միաժամանակ՝ լայնախոհ, հանդուրժող, զուսպ, համոզիչ: Առայժմ պատճառ չունինք եզրակացնելու, որ այս գործելաձեւը ձախողած է:

ԱԶԴԱԿ օրաթերթ
20 Նոյեմբեր 2009