Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հաղորդագրութիւնը

logo_homenetmenՀ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն, որոնք լրջօրէն կը վտանգեն Հայաստանի եւ հայութեան ազգային անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը:

Հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, պետական սահմանի բացման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հրապարակուած փաստաթուղթերը ունին պարտուողական բնոյթ եւ կ’ընդգրկեն Թուրքիոյ կողմէ քողարկուած նախապայմաններ:

Արդարեւ, հայ-թրքական ներկայ սահմանը վերահաստատելու քայլը անուղղակիօրէն կը կատարէ Կարսի պայմանագիրը ճանչնալու թրքական պահանջը եւ կ’առաջնորդէ հողային մեր պահանջատիրութենէն հրաժարելու ազգավնաս քայլին:
Միւս կողմէ, հայ-թրքական սահմանին բացումը Արցախեան հարցին առնչելու թրքական մօտեցումը կ’ենթադրէ հայկական ազատագրեալ տարածքները վերադարձնելու եւ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու իրողութիւնը, ինչ որ մերժելի է մեր բազմահազար նահատակներու արեամբ կատարուած նուաճումներու հաշուոյն:

Անընդունելի կը գտնենք նաեւ պատմական-արխիւային հարցերով զբաղող յանձնախումբի մը կազմութեան առաջարկը, որովհետեւ ան քննարկումի առարկայ կը դարձնէ պատմական անվիճելի ճշմարտութիւն մը եւ կասեցուցած կ’ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող մեր աշխատանքները: Մենք չենք կրնար հրաժարիլ սերունդներու պատկանող անժամանցելի մեր իրաւունքներէն:

Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը մեր հայրենիքի անվտանգութեան հարցն է, մեր ազգի արժանապատուութեան հարցն է, արդարութեան հարցն է եւ Հայ Դատի մեր պայքարին անբաժանելի մէկ մասնիկն է:

Հ.Մ.Ը.Մ., որ տասնամեակներ շարունակ տէրն ու պահապանը եղած է ազգային մեր իրաւունքներուն եւ արժէքներուն, այսօր չի կրնար ընդունիլ ազգին արժանապատուութեան հասնող նման հարուած, հետեւաբար ան կը հաստատէ, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցը համայն հայութեան հարցն է եւ այդ ուղղութեամբ հայրենի վարիչներուն առնելիք քայլերը սպասելի է, որ համապատասխան ըլլան համայն հայութեան արդար ակնկալութիւններուն եւ սպասումներուն:

Արդ, Հ.Մ.Ը.Մ. բողոքի իր ձայնը կը միացնէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ փաստաթուղթերու որդեգրման դէմ եւ կոչ կ’ուղղէ հաւաքական մերժումով արմատական փոփոխութիւններու ենթարկելու զանոնք:

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

2 Հոկտեմբեր 2009