Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը

AramI-HunchagԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընդունեց Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Սեդրակ Աճէմեանի: Անոր կ՛ընկերանային՝ նախկին երեսփոխան տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան եւ տոքթ. Մարտիկ ժամկոչեան:

 Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան մեր ժողովուրդի կեանքը յուզող զանազան հարցեր եւ մասնաւորաբար Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու գծով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս ստեղծուած իրավիճակը: Վեհափառ հայրապետը այս ուղղութեամբ իր տեսակէտը պարզելով, շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, կոչ ուղղելով հեռու մնալ բեւեռացումներէ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ պահանջատիրական իր պայքարին մէջ մեր ժողովուրդը, ու յատկապէս Սփիւռքը, պէտք է շարունակէ իր աննահանջ երթը: