«Մենք տապալելու ենք այս արձանագրութիւնները» կ՚ըսէ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը

HMargaryanՓԱՐԻԶ.- Նոյեմբեր 15-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրու- թիւններին դէմ «ՈՉ»ի հաւաք մը, նախաձեռնութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան տեղական կառոյցներուն եւ համագործակցութեամբ շարք մը այլ կազմակերպութիւններու։

Այս հաւաքի ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ելոյթ ունենալով, անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ անոնց ծիրէն ներս Հայ ազգային Կոնգրէսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին ելոյթին:

Իր ելոյթին մէջ Մարգարեան նշած է նաեւ, որ «Արձանագրութիւնների ստորագրումով ամէն բան չի վերջանում, իրականում այն նոր սկիզբ է մեր պայքարի համար, մենք հաւատում ենք՝ մեր պայքարը յաղթանակելու է, արձանագրութիւնները տապալուելու են վերջնականապէս, դա լինելու է յառաջիկայում Սահմանադրական դատարանում, ապա Ազգային Ժողովում եւ վերջապէս կեանքում ամէն օր նրանց իրականացման պահերին, բայց մենք ստիպելու ենք, պարտադրելու ենք, մենք ունենք մեր ժողովրդի զօրակցութիւնը, մենք փաստօրէն տապալելու ենք այս բովանդակութեամբ ստորագրուած արձանագրութիւնները»։