Հայ Օգնութեան Միութեան Յայտարարութիւնը՝ Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու մասին

ARS-LogoՕգոստոս 31, 2009-էն ի վեր հայ ժողովուրդի ուշադրութիւնը սեւեռած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախաստորագրուած փաստաթուղթին վրայ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթաց մը կը փորձէ նախատեսել։

Կը գիտակցինք, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդները կոչուած են իրարու կողքին ապրելու. սակայն կը հաւատանք նաեւ, որ որեւէ դրացի երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան պայմանները կը կազմեն արդարութիւնը, իրաւունքներու փոխադարձ յարգանքը եւ անկեղծ վերաբերմունքը։

Մեկնելով այս հաւատամքէն, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, Զուիցերոյ մասնակցութեամբ նախաստորագրուած փաստաթուղթը կը համարենք հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները անգամ մը եւս ոտնակոխող փաստաթուղթ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու փոխարէն նորանոր տագնապներու դուռ կրնայ բանալ միայն։

Կ’ակնկալէինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի յայտարարած խորհրդակցութիւններու շրջանին կարելի պիտի ըլլար հայրենի եւ սփիւռքի հայութեան ներդրումով այս փաստաթուղթը բարեփոխել, սրբագրել եւ զայն հիմնել մարդկային արդարութեան եւ իրաւունքներու հասկացութիւններուն վրայ։ Հասկացութիւններ՝ որոնք կ’ենթադրեն Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան գործադրութեան պատասխանատուութեան ընդունում եւ համապատասխան հատուցումի յանձնառութեան ստանձնում։ Սակայն յուսախաբութեամբ կ’իմանանք, որ փաստաթուղթը փոփոխելի չէ եւ զայն կարելի է լրիւ ընդունիլ կամ լրիւ մերժել։

Այս պայմաններուն մէջ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հայ ժողովուրդին ազգային շահերուն հիմնովին հակադրուող ու Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը խախտող այս փաստաթուղթը կը գտնէ մերժելի£ Այս մերժումը կը յայտարարենք միութեան 26 երկիրներու մէջ տարածուած միաւորներու եւ անդամներու անունով։ Միութիւն, որուն այսքան մեծաթիւ երկիրներու մէջ տարածումը նոյնինքն հետեւանք է Ցեղասպանութեան. միութիւն՝ որ 1915-էն սկսեալ տասնամեակներ շարունակ զբաղած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած երեխաներու հաւաքով ու խնամատարութեամբ եւ ճիգ չէ խնայած սերունդներուն մօտ հայ ժողովուրդի մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու հետապնդման ջահը վառ պահելու։

Այսու թուրքի եաթաղանէն այրիացած հայ կնոջ ու որբացած հայ մանուկին անունով կոչ կ’ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն ետ կանգնելու անդունդի եզրէն, անդրադառնալու հետեւանքներու ահաւորութեան եւ միանալու տխրահռչակ այս փաստաթուղթերուն դէմ աշխարհով մէկ ծաւալած բողոքին, մերժեն այս փաստաթուղթը վերականգնելով հայ ժողովուրդի ու ժողովուրդ-պետութեան միասնականութիւնը։

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
25 Սեպտեմբեր, 2009