Archive for November 6th, 2008

Ժողովրդային լսարան. Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ՀՅԴ ռազմավարութիւնը

Սուրիոյ Հայ Երիտասարդական Միութեան Ուսումնասիրական Յանձնախումբը կազմակերպեց ժողովրդային լսարան մը, Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս: Լսարանը որպէս ատենախօս պիտի ունկընդրէր հայրենիքէն ժամանած, Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակի պատասխանատու եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց հմուտ իրազեկ ընկ. Կիրօ Մանոյեանը: Ստորեւ, պատշաճ համադրումով կը ներկայացնենք լսարանը: 1991-ին, երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը անկախացաւ եւ Թուրքիա ճանչցաւ […]

Posted by admin on November 6th, 2008